ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄ

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացէն ներս այս շրջանին դարձեալ կը նշմարուի յարաբերական աշխուժութիւն մը։ Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցած էին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով։ Երկու նախարարներու հանդիպումէն վերջ հիմա արդէն կ՚ակնկալուի Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ա-տըրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ նոր տեսակցութիւն մը։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները երկար ժամանակէ ի վեր աշխատանք կը տանէին նախագահներու մակարդակին վրայ նոր տեսակցութիւն մը կազմակերպելու ուղղութեամբ՝ ակնկալելով, որ սա կրնար որոշ չափով թափ տալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին։

Այս մթնոլորտին մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու միջեւ նոր հանդիպման մը հաւանականութեան։ Ան տեղեկացուց, որ կը խրախուսէ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ նոր տեսակցութեան մը տեղի ունենալը։ Արդարեւ, այդ հանդիպումը կրնայ նպաստել կողմերու միջեւ վստահութեան մեծացման։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ընդհանուր քարտուղարի բանբերը՝ Ստեֆան Տիւժարիք յայտարարեց, որ Կութերես կ՚ող-ջունէ Նիւ Եորքի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն մասնակցութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը։ Միեւնոյն ժամանակ, ընդհանուր քարտուղարը կ՚աջակցի լարուածութեան թուլացման եւ բանակցային գործընթացի վերականգնման ուղղեալ համանախագահներու ջանքերուն։ Անթոնիօ Կութերես յոյս ունի, թէ նախագահներու մակարդակով նախատեսուած հանդիպումը պիտի նպաստէ կողմերու միջեւ վստահութեան մեծացման եւ անհրաժեշտ քաղաքական կամքի խթանման՝ խաղաղ փոխզիջումային լուծումներ գտնելու առանցքային առկայ հարցերու վերաբերեալ։

Միւս կողմէ, Լոնտոնի ղեկավարութիւնն ալ աջակցութիւն յայտնեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ջանքերուն՝ ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման։ Երէկ, Երեւանի մէջ շփումներ ունեցաւ Անգլիոյ Արտաքին գործոց եւ համագործակցութեան նախարարութեան Եւրոպայի եւ Ամերիկաներու հարցերով պետական նախարար Էլըն Տանքըն, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Անգլիացի պաշտօնատարը օրուան տեւողութեան տեսակցեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի, Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ, ինչպէս նաեւ շփումներ ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս։ Ան այս առթիւ յայտնեց, որ Անգլիա լիարժէք կ՚աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ջանքերուն։ «Մենք հակամարտ կողմերը կը խրախուսենք աշխուժօրէն ներգրաւուիլ բանակցային գործընթացին մէջ», ըսաւ Տանքըն եւ աւելցուց, որ հակամարտութեան կարգաւորումը կրնայ յանգեցնել տարածքաշրջանէ ներս ահռելի տնտեսական յառաջընթացի եւ կայունութեան։ Էլըն Տանքըն Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին միշտ շօշափեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։

Իր կարգին, Եդուարդ Նալպանտեանն ալ Էլըն Տանքընի հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ընդգծեց, որ Երեւանի մօտեցումները համահունչ են եռանախագահ երկիրներու կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն։ Իր խօսքերով՝ առաջնահերթ է Արցախի կարգավիճակի եւ անվտանգութեան ապահովումը։ «Եթէ այս հարցերը գտնեն իրենց լուծումը, ապա մնացեալը անցեալ է։ Ես չեմ խօսած յստակ տարածքներու մասին, այլ խօսած եմ եռանախագահ երկիրներու նախագահներուն կողմէ կատարուած հինգ յայտարարութիւններուն մէջ պարունակուող երեք սկզբունքներու ու վեց տարրերու մասին։ Անոնք եռանախագահներու բնորոշմամբ կը ներկայացնեն ամբողջ մը եւ այս սկզբունքներու կամ տարրերու տարանջատումը անհնար կը դարձնեն կարգաւորումը, ինչ որ կը փորձէ ընել Ատրպէյճան», ըսաւ Եդուարդ Նալպանտեան ու շեշտեց բազմաշերտ անվտանգութեան երաշխիքներու կարեւորութիւնը։

Լրագրողի մը հարցման պատասխանելով՝ Եդուարդ Նալպանտեան յայտնեց, որ Նիւ Եորքի մէջ Մամետեարովի եւ միջնորդներուն հետ խօսած են նախագահներու մակարդակով մօտաւոր ապագային հանդիպման մը կազմակերպման շուրջ, ինչպէս նաեւ անդրադարձած են եռանախագահներու՝ տարածքաշրջան այցելութեան։ Հայկական կողմը համանախագահները հիւրընկալել կը պատրաստուի Հոկտեմբերի առաջին կէսին։ Անոնք այս ուղեւորութեան պիտի ձեռնարկեն նախապատրաստելու համար նախագահներու հանդիպումը։ «Այլ հարցերու շուրջ, յատկապէս, կարգ մը առաջարկներու մասին չէ խօսուած։ Մի գուցէ միայն Ատրպէյճանի մէջ կրնան ըսել, թէ ինչպիսի առաջարկներ են գրգռած Պաքուի հետաքրքրութիւնը», ընդգծեց Նալպանտեան։

Բաց աստի, Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեանն ալ յայտնեց, որ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ նախատեսուած հանդիպման ժամկէտներուն շուրջ յստակութիւն մը չկայ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2017