ՄԻՇՏ ԱՄՐԱՊՆԴԵԼ ՀՐԱԴԱԴԱՐԸ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկէրի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Զօհրապ Մնացականեան անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի ներկայ վիճակին։ Ան մասնաւորապէս կանգ առաւ ներկայ շաբթուան սկիզբին Նիւ Եորքի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած հանդիպման։

Զրուցակիցները դրականօրէն գնահատեցին վերջին ամիսներու լարուածութեան յարաբերական նուազումը։ Զօհրապ Մնացականեան ընդգծեց, որ հայկական կողմը կը կարեւորէ հրադադարի ամրապնդման եւ լարուածութեան նուազեցման ուղղութեամբ շարունակական ջանքերու գործադրումը՝ ներառեալ համապատասխան դրութիւններու հաստատման եւ ամրապնդման պարագաները։ Շեշտուեցան նաեւ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման ուղղութեամբ հետեւողական քայլերու անհրաժեշտութիւնը, նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կեանքի կոչուիլը։

Բաց աստի, Նիւ Եորքի մէջ Զօհրապ Մնացականեան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Սլովաքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Միրոսլաւ Լայչաքի հետ։ Այս հանդիպման ընթացքին ալ օրակարգի վրայ եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը, որու խաղաղ կարգաւորման գործընթացին կապակցութեամբ Զօհրապ Մնացականեան ներկայացուց իր կարծիքը։ Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած ներքին բանակցութիւնները ներկայացնելէ վերջ, նախարար Մնացականեան անդրադարձաւ Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշման եւ մօտեցումներուն։ Այս ամբողջին մէջ ան առանձնայատուկ ընդգծեց Արցախի՝ գործընթացի նկատմամբ սեփականութեան զգացումի ընդլայնման եւ ամրապնդման կարեւորութիւնը։

Միւս կողմէ, Զօհրապ Մնացականեան Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձր ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ։ Բացի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրէն, հանդիպման ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան տարածքաշրջանային օրակարգի հրատապ հարցերուն շուրջ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստան-ԵՄ համագործակցութեան լայն օրակարգի հարցերուն։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 28, 2019