ՎԵՐԱՆԱՅՄԱՆ ՊԱՀԱՆՋ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացէն ներս գայթակղեցուցիչ իրադարձութիւնները երբեք չեն պակսիր։ Երէկ համայնքային շրջանակները այս ամբողջին մէջ առին զգայացունց լուր մը, ըստ որու Նախաձեռնարկ մարմնէն հրաժարած է իրաւաբան Սեդրակ Տավութհան։

Պետութեան կողմէ սպասուած կանոնադրութիւնը թէեւ համայնքին հասած է, սակայն պատրիարքական  ընտրութեան գործընթացին վրայ ակնկալուած դրական ազդեցութիւնը գործելէ հեռու մնացած է այդ մէկը դժբախտաբար։ Արդարեւ, արտասահմանի թեկնածուներու պարագային բերուած սահմանափակումները, միայն Պոլսոյ Աթոռին ենթակայ սըր-բազաններով ընտրութեան ձեռնարկելու ուղղութեամբ կատարուած կարգադրութիւնը համայնքէն ներս միանշանակ չէ ընկալուած։ Թէեւ այս բոլորի պատճառներուն շուրջ կարելի է թեր ու դէմ կարծիքներ արտայայտել, սակայն այս պահու դրութեամբ հիմնական խնդիրը այն է, որ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին շուրջ դարձեալ սպասողական կացութիւն մը յառաջացած է եւ այս երեւոյթը գործնական շարունակութիւնը հարցականի տակ դնելու վրայ է։ Մինչդեռ, Նախաձեռնարկ մարմնին այս կացութեան մէջ կը վիճակի լուրջ պատասխանատուութիւն։ Արդարեւ, Նախաձեռնարկ մարմինը անցեալ երկուշաբթի օրուան ժողովին պետութենէն հասած կանոնադրութեան շուրջ որեւէ մեկնաբանութիւն ընելէ խուսափած էր։ Երկու օր վերջ տեղի ունեցած էր Նախաձեռնարկ մարմնի արտահերթ ժողովը, որմէ վերջ ալ յայտարարուած էր, թէ վերջնական դիրքորոշում մը պիտի արտայայտուէր այս երկուշաբթի օր-ւան նիստէն վերջ։ Մինչ համայնքային շրջանակները յարաբերաբար աւելի լաւատես սպասումի մը մէջ էին, երէկ հասաւ փորձառու իրաւաբան Սեդրակ Տավութհանի հրաժարականի լուրը, որուն զուգահեռ սեպտեմբերի 25-ին տեղի ունեցած Նախաձեռնարկ մարմնի արտահերթ ժողովի մթնոլորտին մասին ալ յաւելեալ տեղեկութիւններ կը մատուցուի հանրային կարծիքին։ Արդարեւ, Սեդրակ Տավութհան իր հրաժարականի հիմնաւորման մէջ անդրադարձած է այդ արտահերթ նիստին։ Ըստ իրեն, բարձրաձայնուած են մարդու իրաւանց, արդարութեան եւ իրաւունքի կանոններու ներհակ գործադրութիւններու վերաբերեալ առաջարկներ։ Այս պայմաններուն ներքեւ, Սեդրակ Տավութհան անկարելի համարած է Նախաձեռնարկ մարմնի անդամակցութեան շարունակութիւնը՝ որպէս իրաւաբան։ Ուստի, ան ներկայացուցած է իր հրաժարականը։

Այս պայմաններուն ներքեւ հետաքրքրութեամբ կը սպասուի իրադարձութիւններու շարունակութեան՝ մանաւանդ յառաջիկայ երկուշաբթի օրուան Նախաձեռնարկ մարմնի ժողովի արդիւնքներուն։

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Միւս կողմէ, Հայաստանի Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան երէկ հանդէս եկաւ գրաւոր յայտարարութիւնով մը, որու մէջ իր ընդվզումն ու քննադատութիւնները կը յայտնէ արտասահմանի թեկնածուներու պարագային բերուած սահմանափակման համար։ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան, որ երկար ժամանակ առաջ արդէն ներկայացուցած է իր թեկնածութիւնը, երէկ հրապարակած յայտարարութեան մէջ ըսած է հետեւեալը.

«Կը ցաւինք, որ 21-րդ դարուն Թուրքիան այնքան մեծահոգի եւ լայնախոհ չգտնուեցաւ, որքան 20-րդ դարու հանրապետական Թուրքիան։ Եւ սա իմ կարծիքով, բացասաբար պիտի ազդէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան միջազգային հեղինակութեան, ապա նաեւ թրքահայ փոքրաթիւ համայնքի տրամադրութիւններուն վրայ։ Թէեւ տակաւին ամէն ինչ կորսուած չէ։ Յոյս կայ, թէ թրքական իշխանութիւնները վերատեսութեան ենթարկեն իրենց որդեգրած այս դիրքորոշումը եւ կը վերադառնան հանրապետական Թուրքիայի նախկին ղեկավարներու ցուցաբերած լայնախոհութեան եւ տուրք չեն տար լուսանցքային խումբերու ապակողմնորոշող քայլերուն։

«Թուրքիայի իշխանութիւններէն կ՚ակնկալենք աւելի մեծ յարգանք ցուցաբերել 1923 թուականի Լոզանի պայմանագրով երկրի ոչ-իսլամ փոքրամասնութեան կարգավիճակ ունեցող իրենց քաղաքացիներու՝ տարածքաշրջանի բնիկներու, ամենահին ազգաբնակչութեան հայերու նկատմամբ եւ ընդառաջել անոնց, որպէսզի իրենց ազատ կամքով ընտրեն Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքը համաձայն եկեղեցական աւանդոյթի։ Այս կերպով միայն հնարաւոր է պահպանել Թուրքիոյ մշակութային բազմազանութիւնն ու խճանկարը։

«Կարիք չկայ խուճապի մատնուելու կանոնադրութեան հարցով, պէտք է ըլլալ պաղարիւն եւ սթափ մտածել։ Կը կարծեմ համայնքի հոգեւոր եւ աշխարհիկ պատասխանատուները եւ յատկապէս Նախաձեռնարկ մարմինը պարտաւոր են Ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ Պատրիարքարան ուղարկուած այս կանոնադրութիւնը անգամ մը եւս քննարկելու եւ կանոնադրութեան առընչութեամբ իրենց գրաւոր անհամաձայնութիւնը յայտնելու երկրի պետական իշխանութիւններուն։ Քանզի այս կանոնադրութիւնը կը հակասէ մեր ազգային-եկեղեցական անբաժան սկզբունքներուն, հինաւուրց աւանդութիւններուն եւ պատմութեան փորձաքննութիւնը յաջողութեամբ անցած վաղեմի կարգ ու կանոնին։

«Մենք եւ Թուրքիոյ հայութիւնը պարտաւոր ենք հաշուի առնել այն պարզ ճշմարտութիւնը, թէ Աթոռը 12 տարիէ ի վեր զրկուած է իր պատրիարքը ունենալու հնարաւորութենէն։ Պատճառը դարձեալ օրէնսդրական բացն է, այսինքն կանոնադրութեան անկատարելիութիւնը։ Հետեւանքները յայտնի են։

«Ներկայիս, Թուրքիոյ հայ համայնքը ընտրական այս նոր օրէնսդրութեամբ կանգնած է աւելի լուրջ փորձութեան առջեւ, այսինքն չի բացառուիր, որ կրնանք կորսնցնել տակաւին 15-րդ դարուն սուլթան Մեհմէտի օրով հիմնուած Աթոռը՝ որքան որ ալ սա առաջին հայեացքով իրատեսական չթուի մեզի։

«Ուստի, պէտք է համախմբուիլ եւ դիմել իշխանութիւններուն, որպէսզի վերանային կանոնադրութեան 25-րդ յօդուածի Գ. կէտը, որով կը սահմանափակուի այլ եպիսկոպոսներու իրաւունքները, ինչ որ նախապէս երբեք չէ եղած»։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 28, 2019