ԼԱՅՆԱԾԱՒԱԼ ՊԱՏԵՐԱԶՄ

Արցախի մէջ դարձեալ լայնածաւալ պատերազմ է… Ատրպէյճանի բանակը երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն օդային եւ ցամաքային զօրքերով յարձակման անցաւ Լեռնային Ղարաբաղի վրայ։ Ժամը շուրջ 07.15-ին Արցախի եւ Ատրպէյճանի շփման գծի ամբողջ երկայնքով սկսան թէժ մարտեր։ Բնականաբար, ինչպէս միշտ կը պատահի, այս անգամ ալ կողմերը նախայարձակ ըլլալու մէջ զիրար մեղադրեցին։ Ատրպէյճան պնդեց, որ հայկական կողմը յարձակման ձեռնարկած է, իսկ ինք կանխելու համար հակագործողութիւններու սկսած։ Հայկական կողմի պնդումները կը հակադրուին այդ տուեալներով։ Միջազգային հեղինակաւոր վերլուծաբաններ հակուած են տրամաբանական տեսակէտէ հաւատք ընծայել հայկական կողմի վարկածին։ Այսպէս, «Քարնեկի» հիմնարկի վերլուծաբաններէն Թոմաս տը Վաալ ընդգծեց, որ Հայաստան պատերազմ սկսելու շարժառիթ չունի, առաջինը Ատրպէյճան սկսած է։ Յամենայնդէպս, պատերազմական իրավիճակը այնպէս մը կ՚ընթանայ, որ այդ առաջին կրակի վերաբերեալ հանգամանքները արդէն երկրորդական դիրքի կը մատնուին։ Հայաստանի եւ Արցախի պետական մարմինները ահազանգ հնչեցուցին, որ Ատրպէյճան նախապէս ծրագրուած ծաւալուն ռմբակոծումներ կ՚իրականացնեն՝ թիրախաւորելով նաեւ Արցախի խաղաղ բնակավայրերը, խաղաղ բնակիչները, ներառեալ մայրաքաղաք Ստեփանակերտը։

Հայաշխարհի օրակարգը յեղաշրջուած է արդէն եւ ստեղծուած՝ համատարած մտահոգութիւն։ Երէկ սկսած լայնածաւալ պատերազմը օրուան ողջ տեւողութեան շարունակուեցաւ։ Թէժ մարտեր ընթացան նաեւ գիշերուան ընթացքին։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ սաստիկ կռիւները արդէն կը շարունակուին։

Կեանքը դուրս եկած է բնականոն հունէն։ Արցախի մէջ ժողովուրդը արդէն իջած է ապաստանարաններ։ Զոհերու կարգին կան խաղաղ բնակիչներ՝ ներառեալ կիներ ու երեխաներ։ Ուսումնակրթական բոլոր հաստատութիւնները փակուած են անժամանակ ձեւով։ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ռազմական դրութիւն եւ ընդհանուր զօրակոչ հռչակուած է։ Ժողովուրդը կը փութայ արիւն տալու, մինչ առողջապահութեան համակարգը արդէն արտակարգ դրութիւնով կ՚աշխատի։ Հայկական կողմը շուրջ 200 վիրաւոր ունի։ Դարմանման աշխատանքներուն մասնակցելու համար Հայաստանէն բժիշկներ կը շտապեն դէպի Արցախ։ Յայտարարուած է նաեւ հանգանակութիւն։ Արցախի մէջ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներ էապէս վնասուած են ռմբակոծումներու հետեւանքով։ Ժողովուրդը պատսպարուելու կը հրաւիրուի, մինչ կը կաղան որոշ ծառայութիւններ կամ մատակարարումներ։ Սա է այժմու համայնապատկերը, որու հիման վրայ ժողովուրդը կը դիմագրաւէ լայնածաւալ պատերազմի մարտահրաւէրը։ Պաշտօնական աղբիւրները կը տեղեկացնեն, որ հուժկու հարուածներով Արցախի Պաշտպանութեան բանակը կը ջանայ վերահսկողութեան տակ պահել իրավիճակը։ Շփման գծին առընթեր, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի կարգ մը հատուածներուն վրայ ալ տեղի կ՚ունենան բախումներ։ Հարկ է նշել, որ այս ճակատագրական պահուն հայոց աշխարհէն ներս կը հնչեն վերամիաւորման ու միասնականութեան կոչեր։ Ներքին քաղաքական հակասութիւնները մէկ կողմ կը թողուին։ Խորհրդարանական կուսակցութիւնները, արտախորհրդարանական ուժերը եւ հասարակական-քաղաքական բոլոր շրջանակները զօրակցութիւն կը յայտնեն հայկական զինեալ ուժերուն՝ երկրի պաշտպանութեան ճանապարհին։ Այս ամբողջին մէջ են Հայաստանի երկու նախկին նախագահները՝ Ռոպերթ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան։ Մինչ բոլորի ուշադրութիւնը առաջնագծի իրադարձութիւններուն վրայ կեդրոնացած է եւ հայկական աշխարհը ձեւով մը փուշի վրայ է՝ զգուշացումներ կը հնչեցուին նաեւ ապատեղեկատուութիւններու դէմ զգոյշ ըլլալու համար։ Ռազմական դրութեան յայտարարման զուգահեռ՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ստանձնած է գլխաւոր գերագոյն հրամանատարի դերը։ Երէկ, Երեւանի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը գումարեց արտահերթ ժողով մը, որուն յաջորդեց կառավարութեան նիստը։ Հայաստանի Ազգային ժողովն ալ գումարեց յատուկ նիստ մը, որու ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Օրուայ աւարտին, ան խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ զինեալ ուժերու վերնախաւին հետ։

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ յայտարարեց, որ համախմբումը յաղթանակներու անվերապահ գրաւականն է։ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ հայոց բանակի մարտունակութիւնը բարձր է աւելի քան երբեք։ «Որեւէ բան մեզ ետ չի կանգնեցներ Արցախի ժողովուրդի ազատութիւնը պաշտպանելու ճանապարհին», ըսաւ ան։

Արցախի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան այժմու պատերազմը որակեց մահ ու կենաց կռիւ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ առաւօտեան ժամերուն յայտարարութիւն մը հրապարակելով խստագոյնս դատապարտեց Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած բռնութիւնը։ Ընդգծուեցաւ, որ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը եւ անձամբ Իլհամ Ալիեւը կը կրեն բռնութեան հետեւանքներու ամբողջ պատասխանատուութիւնը։

Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Օննիկ Գասպարեան առկայ ծանր իրավիճակին մէջ յայտարարեց, որ ներկայ սերունդին սուրբ առաքելութիւն մը կը վիճակի եւ կոչ ուղղեց հայրենիքի պաշտպանութեան համար։

Հայաստանի խորհրդարանի երէկուան յատուկ նիստին ժամանակ լրջօրէն օրակարգի վրայ եկաւ Երեւանի կողմէ Արցախի անկախութեան ճանաչման վարկածը։ Երեսփոխանները համամիտ գտնուեցան այս խնդիրը բոլոր ծալքերով քննարկելու ուղղութեամբ։ Այս պահու դրութեամբ Երեւանի ղեկավարութիւնը ի լուր աշխարհի կը յայտարարէ, որ տարածքաշրջանէ ներս իրադրութեան փոփոխութիւն եղած է։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան այս հանգամանքը ընդգծեց «France24» հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին մէջ։ Իր կարգին, Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Աւետ Ադոնցն ալ յայտնեց, որ պատերազմը անկանխատեսելի փուլերով կը զարգանայ եւ Ատրպէյճան կը գործէ անսովոր։

Երէկ օրուայ աւարտին Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Ստեփանակերտի մէջ, մինչ նախօրէին Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդը արտահերթ ժողով մը գումարած էր։ Արայիկ Յարութիւնեան երէկ գիշեր տեղեկացուց, որ օրուան տեւողութեան Արցախի Պաշտպանութեան բանակը զիջած է կարգ մը դիրքեր՝ մասնաւորապէս Թալիշի ուղղութեամբ։ Այս առաւօտ թէ՛ Արայիկ Յարութիւնեան եւ թէ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ գիշերուան տեւողութեան կռիւները շարունակուած են, հայկական կողմը վերականգնած է իր զիջած դիրքերը եւ բարելաւած՝ ընդհանուր կացութիւնը։

Հայաստանի պաշտօնական աղբիւրներու կողմէ հրապարակուած վիճակագրութեամբ՝ հայկական զօրքերը խոցած են Ատրպէյճանի բանակի 4 ուղղաթիռ, 27 անօդաչու թռչող սարք, 36 հրասայլ եւ 13 զրահապատ զինուորական ինքնաշարժներ։ Ատրպէյճանի բանակը ունի աւելի քան 200 զոհ։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները ատեն-ատեն ձեռք կ՚անցընեն Ատրպէյճանի զրահապատ զինուորական ինքնաշարժներ՝ մարտական լրակազմով։ Կարգ մը հայկական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ Պաքու այս առաւօտ տեղեկացուցած է, թէ Ատրպէյճանի բանակէն բարձրաստիճան հրամանատար մը գերեվարուած է հայոց կողմէ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ատրպէյճանի բանակի շարքերուն մէջ կը կռուին նաեւ Սուրիայէն 4 հազար գրոհայիններ եւ անոնցմէ ալ 81-ը մահացած են կռիւներու ժամանակ։

Հայկական կողմն ալ ունի տասնեակ զոհեր, որոնց անունները պարբերաբար կը հրապարակուին Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ։

Այս ամբողջ թէժ իրադարձութիւնները զուգորդուեցան դիւանագիտական խտացեալ շփումներով եւ միջազգային հանրութեան արձագանգով։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի ղեկավարները արդէն անձամբ դիրքորոշում յայտնեցին պատահածներուն շուրջ։ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Մաքրոն զրուցեց նաեւ Ալիեւի հետ։ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Ուաշինկթըն ուշադրութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն ու պիտի տեսնէ, թէ ինչ կարելի է ընել կացութիւնը զսպելու համար։ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ տեղեկացուց, որ արտաքին ուժերու մասնակցութիւնը միայն կը խորացնէ տարածքաշրջանային լարուածութիւնը։

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ կրակը դադրեցնելու կոչ ուղղեց կողմերուն։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա տեղեկացուց, որ նախարար Սերկէյ Լաւրով կապի մէջ է կողմերուն հետ։ Ան զրուցած է թէ՛ Մնացականեանի եւ թէ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ՝ յայտնելով մտահոգութիւն։ Ռուսական կողմը կը յորդորէ վերադառնալ հրադադարի եւ բանակցութիւններուն։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներն ալ կոչ ուղղեցին անյապաղ կրակի դադրեցման համար եւ յիշեցուցին, որ խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի։

Զօհրապ Մնացականեան երէկ մշտական կապի մէջ էր ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ։ Ան իրերայաջորդ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Սերկէյ Լաւրովի, Վրաստանի, Գանատայի, Յունաստանի, Իրանի արտաքին գործոց նախարարներուն, ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց փոխ-նախարարին, ինչպէս նաեւ Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ պաշտպանութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի հետ։ Այս վերջինը, որ Ճէյհուն Պայրամովի հետ ալ կապուեցաւ, յորդորեց վերսկսիլ բանակցութիւնները։

ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Ալպանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Էտի Ռամա կոչ ուղղեց անյապաղ հրադադարի հաստատման համար։ Կրակը դադրեցնելու կոչերուն միացաւ նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես, որ մտադրութիւն յայտնեց Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ հեռախօսազրոյցներ ունենալու ուղղութեամբ։

Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել կողմերուն կոչ ուղղեց վերադառնալ բանակցութիւններուն։ ԵՄ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հէյքօ Մաասն ալ շեշտեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծումը խաղաղ ճանապարհով պէտք է ըլլայ։ Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մարիա Պուրիչ յորդորեց ջանք չխնայել մարդկային կեանքեր փրկելու համար։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան երէկ շփման մէջ անցաւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկի հետ։

Տարածքաշրջանի դերակատարներն ալ մտահոգութեամբ արձագանգեցին իրավիճակին։ Թիֆլիզէն հրադադարի հաստատման կոչեր հնչեցին։ Վրաստան պատրաստ է որպէս միջնորդ հանդէս գալ տարածքաշրջանի կայունութեան համար։ Իր կարգին, Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆն ալ յայտարարեց, որ հարեւանները իրենց համար առաջնահերթութիւն են։ Թեհրան պատրաստակամ է բոլոր հնարաւորութիւնները ի գործ դնելու՝ երկխօսութեան հաստատման ճանապարհին։

Չինաստանէն, Ուքրայնայէն, Ղազախիստանէն, Լեհաստանէն, Յունաստանէն, Մոլտովայէն, Եգիպտոսէն, Չեչենիայէն, Արժանթինէն եւ այլ երկիրներէ ալ արձագանգներ հնչեցին՝ զսպուածութեան, հրադադարի հաստատման, երկխօսութեան եւ բանակցութիւններու համար։

Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէն ալ յայտարարեց, որ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի պաշտպանութիւնը կը ներկայացնէ կարեւորութիւն։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2020