ՓԱԿՈՒՂԻԷ ԱՒԵԼԻՆ

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ընթացքը Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները այնպիսի վիճակի մը բերած է, որ նոյնիսկ փակուղիէ մը շատ աւելին է։ Տասնամեակներէ ի վեր Թուրքիա այս հիմնախնդրին շուրջ անվերապահօրէն դիրք կը գրաւէ Ատրպէյճանի կողքին։ Սա արդէն ձեւով մը ընկալուած, հասկնալի դարձած կացութիւն մըն էր։ Բայց եւ այնպէս, վերջին շրջանին իրադարձութիւնները այնպէս մը շարունակուիլ սկսան, որ Ատրպէյճանի զօրակցելէ անդին՝ Թուրքիա ղարաբաղեան հիմնախնդրին շուրջ նոյնացաւ անոր հետ։ Այս իրավիճակը Արցախի մէջ երէկ վերստին բռնկած պատերազմի պարագային կ՚ունենայ աննախընթացօրէն սուր դրսեւորումներ։ Անգարա-Պաքու հանդէս կու գան նոյնացած ձեւով, մինչ Երեւան եւ Ստեփանակերտ Պաքուի հաւասարազօր բացայայտօրէն կը հակազդեն նաեւ Անգարայի դէմ։ Մօտաւոր անցեալի իրադարձութիւնները արդէն զարմանալի չեն դարձներ այս կացութիւնը։ Արդարեւ, անցեալ յուլիսի Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ պատահած մարտերուն զուգահեռ ստեղծուած պատկերին տրամաբանական շարունակութիւնն է ներկայ վիճակը։ Այդ դէպքերէն վերջ Թուրքիա նոյնիսկ փակած էր իր օդային տարածքը գերմանական օդանաւի մը համար, որ կը տեղափոխէր հայ խաղաղապահներ դէպի Աֆղանիստան։

Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցները արձագանգ հանդիսացան Ատրպէյճանի հրապարակած տուեալներուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բռնկած նոր պատերազմին շուրջ։ Այդ լուրերուն մէջ կը նշուէր, որ հայկական կողմը նախայարձակ է։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ հեռաձայնով խորհրդակցութիւն մը ունեցան Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Մինչ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի բանակը անհրաժեշտ պատասխանը կու տայ Հայաստանի նախայարձակ գործողութիւններուն, նախագահ Էրտողանն ալ նշեց, որ թուրք ազգը Ատրպէյճանի եղբայրներուն կողքին է։ Ըստ իրեն, Հայաստան հերթական անգամ ապացուցանած է, որ տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան եւ անդորրութեան առջեւ մեծագոյն սպառնալիքն է։ Ըստ Էրտողանի, Հայաստանի սադրիչ յարձակողականութեան դիմաց միջազգային հանրութիւնը անհրաժեշտ ու բաւարար հակազդեցութիւն մը ի յայտ չէ բերած եւ կրկնակի չափանիշներով առաջնորդուած է։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահութիւնը նպատակասլաց գործերէ շատ հեռու մնացած է։

Երէկ պետական աւագանին եւ Թուրքիոյ քաղաքական վերնախաւը բազմաթիւ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Արցախի վերջին դէպքերուն շուրջ։ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփ Հայաստանը որակեց ահաբեկչական պետութիւն։ ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելի շեշտեց, որ Ղարաբաղը թրքական հայրենիք է եւ Թուրքիա Ատրպէյճանի կողքին է իր ամէն ինչով։ ՃՀՓ-ն ալ յայտարարութիւնով մը պախարակեց Հայաստանի յարձակումը։ Խորհրդարանէ ներս ներկայացուած հինգ կուսակցութիւններէն չորսը համատեղ յայտարարութիւնով մը զօրակցութիւն յայտնեցին Ատրպէյճանին։

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտնեց, որ բռնագրաւիչ Հայաստան հրադադարը խախտելով Ատրպէյճանի վրայ յարձակած եւ նոր խափանարարութիւն մը ըրած է։ Ըստ իրեն, Կովկասէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան առջեւ ամենամեծ արգելքն է Հայաստանի յարձակողական դիրքորոշումը։ Ատրպէյճան կը պայքարի իր տարածքային ամբողջականութիւնը պահպանելու համար եւ Թուրքիա մինչեւ վերջ անոր կողքին դիրք կը գրաւէ իր բոլոր հնարաւորութիւններով։

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու ընկերային ցանցերու միջոցաւ յայտնեց, որ Հայաստան օգուտ կ՚ակնկալէ խնդրի առանց լուծումի մնալէն ու դարձեալ անցած է իր չափն ու սահմանը։ Թուրքիա դաշտի վրայ եւ սեղանի շուրջ Ատրպէյճանի կողքին է։ Իր կարգին, Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ եւս խիստ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ ու նշեց, որ Ատրպէյճան ինչպէս որ նախընտրէ՝ Թուրքիա այն ձեւով պիտի ըլլայ անոր կողքին։ Հանրապետութեան նախագահութեան հաղորդակցութեան բաժնի պետ Ֆահրետտին Ալթունն ալ յայտնեց, որ հայկական կողմի նախայարձակ գործողութիւնը խստիւ կը պախարակեն եւ ամբողջ ազգերը կը հրաւիրեն Ատրպէյճանի կողքին դիրք գրաւել՝ բռնագրաւման եւ յարձակումներու դէմ։

Երէկուան կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մին էր Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ տեղի ունեցած շփումը։ Այսպէս, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հեռաձայնով կապ հաստատեց Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Չավուշօղլու յայտնեց, որ Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի դէմ կատարուած յարձակումը Կովկասի մէջ անդորրութիւնը եւ խաղաղութիւնը կը վտանգէ։ Ան պահանջեց, որ Մոսկուա ճնշում բանեցնէ Երեւանի ղեկավարութեան վրայ, որպէսզի հրաժարի նախայարձակ դիրքորոշումէ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ռուսական պաշտօնական աղբիւրներն ալ հաղորդեցին, որ Չավուշօղլու եւ Լաւրով կարծիքներ փոխանակած են ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիէն ներս ստեղծուած իրավիճակին շուրջ։ «Ընդգծուեցաւ կրակը անյապաղ դադրեցնելու եւ շփման գծի վրայ իրավիճակը կայունացնելու անհրաժեշտութիւնը։ Կողմերը ցաւակցութիւն յայտնած են զոհուածներու հարազատներուն ու մերձաւորներուն», հաղորդեցին Մոսկուայի դիւանագիտական աղբիւրները՝ այլ մանրամասնութիւններու մէջ չխորանալով։ Հարկ է յիշեցնել, որ անցեալ յուլիսին՝ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ պատահած բախումներուն ժամանակ Մոսկուա ամենաբարձր մակարդակի վրայ պաշտօնապէս Անգարան հրաւիրած էր՝ իրավիճակը չսրել տարածքաշրջանէ ներս ու չձեռնարկել հակամարտութեան սրման ուղղեալ գործողութիւններուն։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս առաւօտ եւս հրապարակեց յայտարարութիւն մը։ «Կոչ կ՚ուղղենք բոլոր արտաքին ու ներքին խաղացողներուն ցուցաբերել առաւելագոյն զսպուածութիւն՝ ներառեալ, հռետորաբանութիւնը։ Այժմ կարեւոր է առաւելագոյն զգոյշ ըլլալ՝ անմիջապէս հրադադարի հասնելու եւ կողմերը բանակցային սեղան վերադարձնելու համար», համոզուած է Մոսկուա Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակին շուրջ։

Ի լրումն այս բոլորին, թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մէջ վերլուծաբաններ կը խորհրդածեն, թէ Հայաստան ինչո՛ւ յարձակած է Ատրպէյճանի վրայ եւ միջազգային ինչպիսի կլիմայի մը պայմաններուն ներքեւ ստեղծուած է առկայ վիճակը։ Այս ծիրին մէջ կ՚ընդգծուի, որ Ատրպէյճան ճիշդ կ՚օգտագործէ իր խաղաքարտերը, իսկ նախագահ Էրտողան բախտորոշ գործօն մըն է։

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան, որպէսզի Թուրքիան զերծ պահուի հակամարտութեան ընթացքին միջամտելու հնարաւորութենէն։ Իր կարգին, Արցախի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանն ալ Ստեփանակերտի մէջ երէկ երեկոյեան սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց. «Մեզի դէմ կը կռուի ոչ թէ Ատրպէյճանը, այլեւ՝ Թուրքիան»։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան, իր հերթին, «Էլ-Ճեզիրէ» հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի բռնութիւնը կ՚ուղեկցուի Թուրքիոյ մեծածաւալ աջակցութեամբ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2020