ԱՌԱՆՑ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆԻ

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան վերջին օրերուն յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման հեռանկարներուն շուրջ։ Երեւանի ղեկավարութիւնը այս շրջանին կը յստակեցնէ իր պատկերացումները՝ Անգարայի հետ յարաբերութիւններու հաւանական բնականոնացման կապակցութեամբ։ Կառավարութեան վերջին նիստի աւարտին Արմէն Գրիգորեան այս նիւթին վերաբերեալ հերթական յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ։ «Հայաստան յոյս ունի Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման սկսիլ առանց նախապայմանի, սակայն առկայ բոլոր հարցերը ապագային քննարկելի են», ըսաւ ան։

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան վերջին շրջանին յայտնած էր, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ տեսակցելու համար պայման կը համարէ «Զանգեզուրի միջանցքի» բացումը։ Այս կապակցութեամբ Արմէն Գրիգորեան ըսաւ. «Հայկական կողմը բազմիցս յայտարարած է, նոյնիսկ մեզմէ առաջ նախկին իշխանութիւններու օրով, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորել առանց նախապայմանի։ Որովհետեւ, երբ նախապայմաններ կ՚ըլլան, դժուար կ՚ըլլայ որեւէ հարցի մէջ յառաջ երթալ։ Եւ յոյս ունինք, թէ յարաբերութիւններու կարգաւորումը կ՚ըլլայ առանց նախապայմանի եւ հնարաւորութիւն կ՚ըլլայ երկխօսութեան սկսելու առանց նախապայմանի։ Գոյութիւն ունեցող բոլոր հարցերը ապագային քննարկելի են, բայց նախապայմանով յարաբերութիւններու սկսիլը շատ դժուար կ՚ըլլայ»։

Արմէն Գրիգորեան նոյն յայտարարութիւններուն մէջ շեշտեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը կարգաւորուած չէ եւ կարգավիճակի հարցը կը սպասէ լուծման։ Ան ընդգծեց, որ Երեւանի տեսակէտէ հակամարտութեան կարգաւորման միակ հարթակն է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը։

Արմէն Գրիգորեան այս յայտարարութիւնները ըրաւ ի պատասխան Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, որ ռուսական լրատուամիջոցի մը տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է հետեւեալը. «Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցի բարձրաձայնումը վնասակար ու վտանգաւոր է Հայաստանի համար ներկայ անմխիթար վիճակին մէջ»։

Թէեւ Երեւանի եւ Պաքուի կողմէ այս շրջանին եւս բարձրաձայնուած մօտեցումները հարիւր տոկոս հակադիր ըլլալ կը թուին, սակայն, առկայ իրավիճակին մէջ ռուսական «Ռեկնում» լրատուական գործակալութիւնը օրակարգի վրայ բերաւ ուշագրաւ հարցադրում մը. արդեօք Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ քայլե՞ր կ՚առնեն իրարու ընդառաջ։ Գործակալութեան մեկնաբանը հարց տուած է, թէ ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ պայմաններու ներքեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը վերսկսած է միջնորդական առաքելութիւն՝ լուծելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Արդարեւ, պարզ է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու Նիւ Եորքի վերջին հանդիպումներն ու բանակցութիւնները տեղի չէին կրնար ունենալ, եթէ կողմերը համաձայնութեան հասած չըլլային՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի գործունէութեան նախկին ձեւաչափով վերսկսելու անհրաժեշտութեան շուրջ։ «Սա յստակօրէն ցոյց կու տայ, որ Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմէն յետոյ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը կը սկսի ընդունիլ գործնական ուրուագծեր։ Ակնյայտ է, որ միջազգային միջնորդները հակամարտ կողմերուն կոչ կ՚ուղղեն դադրեցնել Լեռնային Ղարաբաղ մարդասիրական մուտքի բոլոր սահմանափակումները, ինչպէս նաեւ կատարել հրադադարի համաձայնագրով ստանձնուած պարտաւորութիւնները։ Անհասկնալի է՝ հակամարտութեան կարգաւորման նախկին պայմանները տակաւին ի զօրո՞ւ են, թէ ոչ առաջարկուած է նոր բան մը ու նշմարուած՝ բանակցութիւններու յստակ ներուժ։ Խօսքը, հաւանաբար, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման շուրջ բանակցութիւններու սկիզբի մասին է։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի աշխուժացումը կապուած կրնայ ըլլալ քուլիսային որոշ գործընթացներու հետ, որոնք առընչուած են արտաքին խաղացողներու, առաջին հերթին՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու ջանքերուն հետ», նշած է վերլուծութեան հեղինակը՝ կովկասագէտ ու պատմաբան Սթանիսլաւ Թարասով։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2021