ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՅՈՅՍ

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութիւնը կը շարունակուի։ Ինչպէս ծանօթ է, ընդհանուր քարտուղարը վերջին օրերուն հանդիպումներ ունեցած էր Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ, որոնք Նիւ Եորքի մէջ կը գտնուէին ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներուն մասնակցելու համար։ Երկու նախարարները Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մըն ալ ունեցած էին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ։ Այս շփումներու լոյսին տակ է, որ Անթոնիօ Կութերես յոյս յայտնած է Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ երկխօսութեան շարունակման ուղղութեամբ։

«Ընդհանուր քարտուղարը կ՚ողջունէ նախարարներու միջեւ անմիջական երկխօսութեան վերականգնումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի եւ անոր շուրջ հակամարտութիւններէն տարի մը անց։ Ան յոյս ունի, թէ այդ ջանքերը պիտի շարունակուին եւ մաս պիտի դառնան աւելի լայն երկխօսութեան մը՝ լուծելու առկայ խնդիրները եւ հասնելու համար կայուն խաղաղ կարգաւորման», նշուած է Կութերեսի գրասենեակին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2021