ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ՓՈՒԹԻՆ ՎԱՂԸ ՍՈՉԻԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿԵՆ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան վաղը Սոչիի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրները արդէն հաղորդած էին, որ առանձնազրոյցի ձեւաչափով նախատեսուած բանակցութիւններու ընթացքին երկու ղեկավարները պիտի շօշափեն նաեւ Հարաւային Կովկասի նոր իրադրութիւնը։ Թուրքիա-Հայաստան-Ատրպէյճան առանցքի առկայ կացութեան եւ հեռանկարներու լոյսին տակ արժեւորումներ պիտի կատարուին Էրտողանի եւ Փութինի կողմէ։ Տեսակցութեան օրակարգի հիմնական նիւթերու շարքին կը գտնուի նաեւ Սուրիոյ վիճակը։

Էրտողան վերջին օրերուն բարձրաձայնած էր Թուրքիոյ մօտեցումները՝ ի նպաստ Ուքրայնայի տարածքային ամբողջականութեան եւ Խրիմի բըռ-նակցման անընդունելիութեան մասին։ Մոսկուայի տարակարծութիւնը յառաջացուցած էին այդ յայտարարութիւնները։ Յամենայնդէպս, Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով յայտարարած էր, որ այդ տարակարծութիւնները չեն խանգարեր Էրտողան-Փութին վաղուան բանակցութիւններու հեռանկարները։ Սուրիոյ մէջ ծաւալուած վերջին ռազմական գործողութիւններու լոյսին տակ Անգարայէն այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ ալ քննադատական ակնարկութիւններ ըրած էին Մոսկուայի հասցէին՝ ընդգծելով, որ այդ բոլորը խոտոր կը համեմատին կողմերու պայմանաւորուածութիւններուն։

Հարաւային Կովկասի նոր իրադրութիւնը պայմանաւորուած է Արցախի երկրորդ պատերազմին զուգահեռ ձեւաւորուած հաւասարակշռութիւններով։ Գերակշիռ դերակատարները արդէն Թուրքիան ու Ռուսաստանն են՝ տարածքաշրջանէ ներս ամուր ռազմական ներկայութիւնով հանդերձ։ Անոնց համագործակցութիւնը այժմ կը բնորոշէ իրադարձութիւններու ուղղութիւնը։ Այս առումով կիզակէտային հարց դարձած է Թուրքիա-Հայաստան-Ատրպէյճան առանցքի կացութիւնը։ Արդարեւ, Անգարա-Պաքու թանտեմը թէեւ յաղթանակ տարած է ռազմաճակատի վրայ, սակայն տարածքաշրջանի նոր հեռանկարներու կեանքի կոչման առումով Երեւանի ներգրաւումը անհրաժեշտ է։ Նկատի ունենալով, որ թէ՛ Անգարա եւ թէ Պաքու բնականոն յարաբերութիւն չունին Երեւանի հետ՝ այդ կէտէն սկսեալ Մոսկուայի դերակատարութիւնը կ՚ունենայ բանալիի նշանակութիւն։ Պէտք չէ մոռնալ, որ ներկայ պահուն Հայաստանի սահմանները կը պահպանուին Ռուսաստանի զօրքերուն կողմէ։

Հայաստանի ղեկավարութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր կը բարձրաձայնէ իր դրական վերաբերմունքը Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ։ Արցախի երկրորդ պատերազմին վերջ տուած է Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ ստորագրուած հրադադարը, որով կը նախատեսուի նաեւ տարածքաշրջանէ ներս բոլոր հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակում։ Երեւանի ղեկավարութեան այժմու դիրքորոշումը կը բխի այդ տրամաբանութենէն։ Յամենայնդէպս, Պաքու նոյն իմաստը չի վերագրեր այդ ապաշրջափակման եւ խնդիրը կը դնէ՝ դէպի Նախիջեւան, Հայաստանի հարաւով միջանցք մը բանալու ձեւաչափին մէջ։ Պաքուի այդ ընկալման քայլ կը յարմարցնէ նաեւ Անգարան, ինչ որ անսպասելի երեւոյթ մը չէ։ Թուրքիա վերջին շրջանին ամենաբարձր մակարդակի վրայ բարձրաձայնած է միջանցքի վերաբերեալ իր մօտեցումը, մինչ Հայաստանի ղեկավարութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր կը տեղեկացնէ, որ բանակցութիւններ չի վարեր միջանցքի տրամաբանութիւնով։

Տարածքաշրջանի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման վերաբերեալ խնդիրները կը ծեծուին Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի մասնակցութեամբ, փոխ-վարչապետներու մակարդակով ստեղծուած աշխատանքային խումբով մը։ Վերջերս Երեւանի մէջ մէկտեղուած էին այդ աշխատանքային խումբի ներգրաւուած Հայաստանի եւ Ռուսաստանի փոխ-վարչապետները՝ Մհեր Գրիգորեան եւ Ալեքսէյ Օվերչուք։ Այս վերջինը յայտարարած էր, որ Հայաստանի տարածքով Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ միջանցքի մը ստեղծումը քննարկման առարկայ չէ։ Ռուս փոխ-վարչապետի այդ յայտարարութիւնները յաջորդած էին այս նիւթին շուրջ Անգարայէն ամենաբարձր մակարդակի վրայ հնչած յայտարարութիւններուն։ «Կը քննարկուի Անդրկովկասէ ներս տնտեսական, փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակման հարցը», յայտնած էր Օվերչուք։

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «Անատոլու» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարեց, որ փոխ-վարչապետներու մակարդակով այս եռակողմանի աշխատանքային խումբը յաջորդ ամիս դարձեալ ժողով մը պիտի գումարէ։ «Կը կարծեմ, այդ խումբը կարեւոր ձեւաչափ մըն է՝ հակառակ, որ արդիւնք չկայ, բայց շփում կայ։ Տուեալ իրավիճակին մէջ շփումը անհրաժեշտ միջոց մըն է ու շատ հարցեր կրնան լուծուիլ այդ շփումներուն միջոցաւ», յայտնած է Ալիեւ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2021