ՇՓՈՒՄՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՀԱՐԹԱԿ

Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի երէկ հերթական անգամ բարձրաձայնեց իր երկրի մօտեցումները Հարաւային Կովկասի նոր իրադրութեան պայմաններուն ներքեւ։ Ըստ իրեն, Թիֆլիզ կ՚առաջարկէ հարթակ դառնալ՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ բարձր մակարդակի շփումներու համար։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Վրաստանի կառավարութեան երէկուան ժողովէն վերջ Իրակլի Ղարիպաշվիլի հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ան ըսաւ. «Անկախութենէն յետոյ 30 տարուայ ընթացքին տակաւին նախադէպ չէր եղած, որպէսզի Վրաստան յաջող միջնորդ մը ըլլար մեր հարեւան երկու երկիրներուն միջեւ։ Իմ նախաձեռնութիւնով կ՚առաջարկուի աւելի բարձր մակարդակով շարունակել հաշտութեան գործընթացը։ Մենք մեր եղբայր ատրպէյճանցիներուն եւ հայերուն կ՚առաջարկենք միջնորդութիւն եւ Թիֆլիզի մէջ ստեղծուելիք հարթակի մը օգտագործումը»։

Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ Ղարիպաշվիլի յիշեցուց Վրաստանի կողմէ անցեալ յուլիսին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կատարած միջնորդութիւնը։ «Մենք եզակի նախադէպ ստեղծեցինք, մեր երկիրը՝ որպէս յաջող միջնորդ, խաղաղ գործողութիւն իրականացուց։ Բանակցութիւններու արդիւնքով  15 հայ ռազմագերի ազատուեցաւ, իսկ Ատրպէյճանին փոխանցուեցան ականապատուած դաշտերու քարտէսները։ Սա իսկապէս աննախադէպ էր», ըսաւ ան։

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ վերջին օրերուն տեղեկացուցած էր, որ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի միջոցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իրեն փոխանցած էր հանդիպման խնդրանքը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2021