ԱՐՑԱԽԷՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՆՑԱԾ Է ԱՐԴԷՆ 65 ՀԱԶԱՐ 36 ՀՈԳԻ

Արցախի ժողովուրդը փութով կը լքէ իր պապենական տարածքները։ Ներկայիս արդէն Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած 65 հազար 36 հոգի մուտք գործած է Հայաստան։ Հայաստանի վարչապետի բանբերը՝ Նազելի Պաղտասարեան այս տուեալները հրապարակեց՝ նշելով, որ սա կը վերաբերի ժամը 08.00-ի դրութեամբ վիճակագրութեան։

Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի վարիչ Հիքմէթ Հաճիեւ «Deutsche Welle»ին տուած հարցազրոյցին մէջ նշած է, որ մարդիկ ազատօրէն կը լքեն Ղարաբաղը։ Հայաստանի յատուկ յանձնարարութիւններու դեսպան Էտմոն Մարուքեան ընկերային ցանցերու վրայ արձագանգեց այս պնդումին։ «Կա՞յ աշխարհի վրայ մէկը, որ կը հաւատայ Ատրպէյճանի այս կեղծ խօսոյթին», ըսաւ եւ աւելցուց, որ մարդիկ կը հեռանան, որովհետեւ յարձակման կ՚ենթարկուին Ատրպէյճանի զինուորականներուն կողմէ, որոնք քաղաքներն ու գիւղերը բռնագրաւած են։ «Մարդիկ կը հեռանան, որովհետեւ ո՛չ միջազգային հանրութիւնը, ո՛չ ալ Ատրպէյճանը չեն երաշխաւորեր անոնց իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը», նշած է Մարուքեան։

Հայաստանի կառավարութեան այս առաւօտեան նիստին ժամանակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ վերլուծութիւնը ցոյց կու տայ, թէ յառաջիկայ օրերուն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ այլեւս հայ պիտի չմնայ։ Ան համոզուած է, թէ սա ուղղակի կը նկատուի էթնիք զտում եւ հայրենազրկում։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2023