ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԴԱԴՐԻ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՆԱԼԷ
Արցախի Հանրապետութիւնը գոյութիւն ունենալէ պիտի դադրի 1 յունուար 2024 թուականէն սկսեալ։ Լեռնային Ղարաբարի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի կողմէ ստորագրուած հրամանագրին մէջ նշուած է, որ սեպտեմբերի 19-էն վերջ ստեղծուած է ռազմաքաղաքական ծանր իրավիճակ։ Արցախի ժողովուրդի ֆիզիքական անվտանգութեան եւ կենսական շահերու ապահովման առաջնահերթութիւններէն ելնելով, հաշուի առնելով Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան միջնորդութեամբ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներուն հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներու եւ զէնքը վայր դրած զինուորականներու Լաչինի միջանցքով, սեփական գոյքով, փոխադրամիջոցներով ազատ, կամաւոր եւ անխոչընդոտ տեղաշարժի ապահովման վերաբերեալ եւ ղեկավարուելով Լեռնային Ղարաբաղի Սահմանադրութեան 93-րդ յօդուածով՝ Շահրամանեան ստորագրած է այս հրամանագիրը, որ հրապարակման պահուն իսկ ի զօրու կը դառնայ։
Այսպէսով, մինչեւ 1 յունուար 2024 թուականը պիտի լուծարուին բոլոր պետական հիմնարկներն ու կազմակերպութիւնները եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը պիտի դադրի գոյութիւն ունենալէ։