ՌՈՒԲԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԵՑԱՒ

Արցախի կազմալուծման մթնոլորտին մէջ, երէկ հաղորդուեցաւ, թէ ձերբակալուած է Ռուբէն Վարդանեան, որ մօտաւոր անցեալին, յետպատերազմեան փուլին կարճ ժամանակ մը վարած էր Լեռնային Ղարաբաղի պետական նախարարի պաշտօնը։ Ան Ռուսաստանի մէջ մեծ յաջողութիւն արձանագրած գործարար մըն էր, նաեւ յայտնի բարերար մը, որ պատերազմէն վերջ Արցախ հաստատուած էր՝ հրաժարելով Ռուսաստանի քաղաքացիութենէն։ Արցախի պաշարման տասն ամիսներուն ընթացքին ալ չէր հեռացած Ստեփանակերտէն։

Ռուբէն Վարդանեան երէկ Լաչինի միջանցքին մէջ ձերբակալուեցաւ։ Առաջինը իր կինը՝ Վերոնիքա Զոնապենտ տեղեկացուց, որ իր հետ կապը խզուած է, աւելի վերջ Ատրպէյճանն ալ հաստատեց իր ձերբակալումը՝ հրապարակելով տեսանիւթեր։ Հաղորդուեցաւ, որ ան փոխադրուած է Պաքու։

Ռուբէն Վարդանեանի հարցով Հայաստանի կառավարութիւնը դիմեց Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեան։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ տեղեկացուց, որ Երեւանի կողմէ հնարաւոր բոլոր միջոցները ձեռք կ՚առնուին՝ Ռուբէն Վարդանեանի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ անոր վերադարձի ապահովման համար։

Արցախի մէջ՝ որպէս պետական նախարար պաշտօնավարելու ժամանակ Ռուբէն Վարդանեան կ՚ընկալուէր Ռուսաստանի դրածոն։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ այդքան հարթ յարաբերութիւն մը չունէր իրեն հետ։ Փաշինեան՝ Լեռնային Ղարաբարի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին վրայ ճնշում բանեցնելով ապահոված էր Վարդանեանի պաշտօնազրկումը։ Այդ ժամանակ տպաւորութիւն ստեղծուած էր, որ վարչապետը այդ քայլը առած էր՝ տեղի տալով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ճնշումներուն՝ քանի Վարդանեան Պաքուի կողմէ հաշտ աչքով ընկալուած կերպար մը չէր։

Թէեւ Ռուբէն Վարդանեան ժամանակին յայտարարած էր, որ Ռուսաստանի քաղաքացիութենէն հրաժարած է, սակայն, Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով երէկ իր ձերբակալման արձագանգելով ըսաւ. «Եթէ Ռուբէն Վարդանեան Ռուսաստանի Դաշնակցութեան քաղաքացի է, կը պաշտպանենք իր իրաւունքները»։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբեր Մեթիու Միլըրն ալ երէկ յայտնեց, որ իր երկիրը ուշադրութեամբ կը հետեւի Ռուբէն Վարդանեանի ձերբակալման իրավիճակին։

Այս առաւօտ հաղորդուեցաւ, որ Պաքուի մէջ Ռուբէն Վարդանեանին երեք մեղադրանք առաջադրուած է եւ դատարանի որոշմամբ ան բանտարկուած է։ Ատրպէյճանի քրէական օրէնսգիրքի տրամադրութիւններուն հիման վրայ Ռուբէն Վարդանեան կ՚ամբաստանուի ահաբեկչութիւն գանձատրելով, զինուած խմբաւորումներու ստեղծմամբ եւ գործունէութեան մասնակցելով, նաեւ պետական սահմանը ապօրինի հատելով։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2023