ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ՆՈՐ ՎԱՐԿ ՄԸ ԿԸ ՏՐՈՒԻ
Ասիական զարգացման դրամատունը որոշեց շուրջ 113 միլիոն ամերիկեան տոլարի արժողութեամբ վարկ յատկացնել Հայաստանին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դրամատունը «Քաղաքային կայուն զարգացման ներդրումային ծրագիր»ին շրջագծով պիտի յատկացնէ այս վարկը։ Հայաստանի կառավարութիւնն ալ այս նիւթը օրակարգի վրայ պիտի ունենայ իր վաղուան ժողովին ընթացքին։
Սոյն ներդումային ծրագրին նպատակն է բարելաւել Հայաստանի քաղաքներէն ներս հանրային փոխադրութեան ենթակառուցուածքները՝ հաստատել աւելի արդիւնաւէտ, ապահով եւ մատչելի փոխադրական ծառայութիւններու դրութիւն մը։
Վարկը պիտի տրամադրուի քսաներկու տարուան ժամկէտով եւ առաջին տասնհինգ տարին պիտի ըլլայ արտօնեալ։