Կիրակի 16, Փետրուար 2025
ՀԱՍԱՆ ՌՈՒՀԱՆԻ ԼԱՒԱՏԵՍ
Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի յայտարարեց, որ իր երկրին դէմ սահմանուած պատժամիջոցները պիտի ջնջուին մինչեւ տարեվերջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Րէօյթըրզ» գործակալութիւնը տեղեկացուց, թէ Հասան Ռուհանի այս յայտարարութիւնը ըրած է՝ Թեհրանի մօտ Սպանիոյ դեսպանին հաւատարմագիրը ընդունելու ժամանակ։
Իրանի նախագահին լաւատես սպասումները պայ-մանաւորուած են՝ իր երկրի միջուկային ծրագրին շուրջ ձեռք բերուած միջազգային համաձայնութեամբ։
Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2015