ՊԱՂ ՊԱՏԵՐԱԶՄ, ԿՐԿԻ՞Ն…
Ռուս դիւանագէտներն ու քաղաքագէտները, մինչեւ ծունկերը խրած ձիւնի մէջ, երեսները փոթորիկի խարազանով մտրակուած եւ ապշահար դէմքերու նման, այսօր կը խոկան, արդեօք Պաղ պատերազմի օրերը՞ վերադարձած են, կամ մօտալուտ են, Արեւմուտքի քաղաքական խաղերը նկատի ունենալով։ Իսկ անդին, Արեւմուտքը իր արբանեակներով, ոտքերնին խրած Ասիոյ, Միջին Արեւելքի, Ափրիկէի կամ Եւրոպայի խառնիճաղանճ պատերազմական եւ քաղաքական վերիվայրումներու ճախճախուտներուն մէջ, նոյն հարցին պատասխանը կու տան… շարունակե՞նք, թէ ոչ արդէն Պաղ պատերազմ է կատարուածը։
Ռուսաստանի դէմ կիրարկուած տնտեսական եւ քաղաքական արգելափակումներուն հետեւանքները արդէն սկսած են երեւնալ Եւրոպայի մէջ, երբ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարը բացայայտօրէն կը յայտարարէր, թէ «նոր Պաղ պատերազմ մը, անտարակոյս մեծ աղէտ է»։ Ռուսական առածը կ՚ըսէ. «Երբ ան բադի նման է, կը լողայ բադի նման, կը կռնչէ բադի նման, ուրեմն՝ բադ է», եւ այս վերջին տասնամեակին պատահածը ուրեմն՝ Պաղ պատերազմի նախօրեակն է, եթէ ոչ սկիզբը։
1960-ական թուականներուն պատահած առճակատումները Միացեալ Նահանգներուն եւ Խորհրդային Միութեան միջեւ, յանգեցան Պաղ պատերազմի երկար ժամանակաշրջանի մը, որ տեւեց մինչեւ Խորհրդային Միութեան փլուզումը։ Այդ ժամանակամիջոցին, երկու զանգուածները առերես ճակատումներ բնաւ չունեցան, որովհետեւ անոնք օգտագործեցին փոքր եւ տկար ազգեր իրենց նորագոյն ռազմամթերքի, տնտեսական եւ քաղաքական փորձառումներուն համար։ Անոնք իրենց հպատակ տարածքներուն շուրջ ստեղծեցին սահմաններ, ուր կուտակեցին հիւլէական եւ երկարաձիգ հրթիռներ՝ զիրար ոչնչացնելու սպառնալիքներով։ Խորհրդային Միութեան տապալումէն ետք, այնուհետեւ Արեւմուտքը ջանաց ընկճել եւ Արեւմուտքին ենթակայ դարձնել արդէն խորտակուած Ռուսաստանը եւ իր արբանեակները։ Սակայն յարատեւ պրկումներն ու անվերջ պահանջքները հակառակ հետեւանքներ ստեղծեցին արեւելեան ճակատին մօտ։ 2007 թուականին, Գերմանիոյ մէջ, Ռուսաստանի Փութինը իր խօսքով արդէն սկսած էր իր հակադարձ պայքարին Արեւմուտքին դէմ։ Արեւմուտքը չէր կրնար հաւատալ, թէ տնտեսապէս եւ ռազմաքաղաքական գետնի վրայ խորտակուած պետութիւն մը կրնար այսքան արագ հզօրանալ եւ հիւլէական զէնքի դիմելու սպառնալիքներ ուղղել իրեն, առանց նկատի առնելու, թէ իր (Արեւմուտքին) ճնշումները, սպառնալիքները, շրջափակումներն ու պահանջքները զարթօնքի, ապա՝ ընդվզումի մատնեցին ռուս ժողովուրդն ու համայն արեւելեան ճակատի երկիրները, առաւել եւս համախմբելով զանոնք Փութինի կամ ներկայ իշխանութիւններուն շուրջ։
Վերջին տասնամեակներու սկիզբներուն ծայր առած աշխարհատարած ռազմաքաղաքական եղելութիւնները, որոնց ակներեւ հեղինակն էր Արեւմուտքը, կը միտէին շրջափակել եւ մեկուսացնել Ռուսաստանը։ Սկսելով նախկին Եուկոսլաւիայէն, Ռուսաստանի համար ձեռնտու չէր եւ անկարող միջամուխ ըլլալու, որովհետեւ տակաւին կը թօթափէր Խորհրդային հին վէրքերը եւ վերականգնումի մէջ էր։ Սակայն վերջին տասնամեակին կատարուած իրադարձութիւնները, արդէն սահմանները կը հատէին, Ռուսաստանի հակադարձութիւնը արթնցնելով, մանաւանդ՝ Ուքրայնոյ պարագային, որուն ղեկավարներու ամխոհեմ արարքին պատճառով, երկիրն ու ժողովուրդը զոհ դարձան «դեմոկրասիին»։ Եւ այնտեղ տակաւին չէ աւարտած դժբախտ թատրերգութիւնը, տեսնելով ռազմական ուժերու եւ զինամթերքի կուտակումը երկրի սահմաններուն վրայ եւ մէջ, Արեւմուտքի եւ Արեւելքի ճակատումներու ռազմադաշտ ստեղծելու համար։ Ինչպէ՞ս կարելի է հաւատալ, թէ նոյն ազգի եւ կրօնքի զաւակներ զիրար կը ջարդեն եւ կը յօշոտեն յանուն տարբեր գաղափարախօսութիւններու։
Պարագան նոյնն է նաեւ Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի եւ Ասիոյ կարգ մը երկիրներու պարագային, ուր երկուստեք ռազմական կուտակումները կը գուժեն Պաղ պատերազմի վերադարձը։
Նախագահ Ռանըլտ Ռեկըն իր իշխանութեան օրով յայտարարած էր. «Միայն օտար մոլորակային յարձակում մը կրնայ արագացնել Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի մօտեցումը»։
Մենք, որպէս մարդկային իրաւունքներու պաշտպան, չե՞նք կրնար ընել այդ՝ առանց օտար մոլորակային միջա-մըտութեան։
Խմբագրական «Նոր Օր»ի
Լոս Անճելըս