ՕԴԻՆ ՄԷՋ ԲՈՂՈՔ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը շարունակեն իրենց այցելութիւնը դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։ Միջնորդները այսօր Պաքուի մէջ կը տեսակցին Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հետ։ Այս փուլին ընդառաջ, ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով անդրադարձաւ Արցախի մէջ իրենց ունեցած շփումներուն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան մանրամասնութիւններ հաղորդեց Ստեփանակերտի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ եռանախագահներուն ունեցած տեսակցութեան շուրջ։ Ծանօթ է, որ երէկ առաւօտ Բակօ Սահակեան տեսակցած էր միջնորդներուն հետ։ Ըստ Իկոր Փոփովի, Բակօ Սահակեանի հետ միջնորդները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորման գործընթացներուն վերաբերեալ հարցեր։ «Խօսեցանք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հերթական հանդիպման մասին, ինչ որ մենք կը պատրաստուինք կազմակերպել։ Խօսեցանք նաեւ մարդասիրական հարցերու շուրջ եւ այդ ամբողջին մէջ հայ եւ ազէրի հասարակութիւններու ներկայացուցիչներու հանդիպումներ կազմակերպելու հնարաւորութեան մասին։ Այնուամենայնիւ, քննարկման գլխաւոր հարցը եղած է շփման գծին վրայ տիրող իրավիճակը։ Մեզի համար անընդունելի է սահմանի վրայ իրավիճակին սրուիլը եւ ծանր զինատեսակներու կիրառումը։ Մենք կը հանդիպինք եւ այդ խնդրին շուրջ քննարկումներ կ՚ունենանք նաեւ բանակի ներկայացուցիչներուն հետ», ըսաւ Իկոր Փոփով։
Հարկ է նշել, որ համանախագահներու տարածքաշրջանային ներկայ այցելութեան ընդառաջ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վասիլի Նեպենզա յայտարարած էր, որ Ռուսաստան զգալի ջանքեր կը գործադրէ ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման համար։ Փոխ-նախարարը շեշտեց, թէ ռուսական կողմը չի փափաքիր, որ սահմանին վրայ տեղի ունենան բախումներ եւ յարմար կը դատէ հակամարտութեան կարգաւորումը՝ բոլորին համար ընդունելի պայմաններու մէջ, հնարաւորինս արագ։
Երէկ, համանախագահները Արցախի ղեկավարութեան հետ բանակցութիւններէն վերջ Մարտակերտ-Թարթար ճանապարհահատուածին վրայ մասնակցեցան ԵԱՀԿ-ի առաքելութեան կողմէ կազմակերպուած՝ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գծի դիտարկման։ Այս դիտարկումէն վերջ անոնք անցան Ատրպէյճանի տարածք՝ Լեռնային Ղարաբաղի կողմէն։ Բայց եւ այնպէս, այդ դիտարկման ընթացքին ապրուեցաւ դէպք մը։ Այսպէս, դիտարկման եզրափակիչ հանգրուանին Ատրպէյճանի կողմէ ինքնագործ հրազէնով գնդակոծութիւն մը արձանագրուեցաւ։ Արցախի կողմէն այդ դիտարկման առաքելութեան հետեւեցան Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց եւ Պաշտպանութեան նախարարութիւններուն ներկայացուցիչները։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած այս գնդակոծութեան կապակցութեամբ հակիրճ յայտարարութիւն մը ըրաւ ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք։ «Երբ մենք կը հատէինք շփման գիծը, կրակահերթը ստիպեց, որպէսզի ԵԱՀԿ-ի դիտորդները պատսպարուին։ Սա անընդունելի է», նշեց Ուորլիք՝ առանց յստակացնելու, թէ կրակոցները ո՛ր կողմէն հնչած են։ Իր հերթին, Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ պնդեց, թէ դիտարկման ժամանակ կրակ բացուած է հայկական կողմէ։
Միւս կողմէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գոնկրէսի 83 անդամներ դիմում ներկայացուցին Նախագահ Պարաք Օպամային՝ պահանջելով, որ ան քայլերու ձեռնարկէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս խաղաղութեան վերահաստատման ուղղութեամբ։ Սա ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի ղեկավար Էտ Ռոյսի եւ Դեմոկրատական կուսակցութենէն Էլեըթ Էնկէլի համատեղ նախաձեռնութեան արդիւնքն էր։ Գոնկրէսականները շեշտեցին, որ բռնութիւնները աճած են եւ այդ բռնութիւնը կիրարկողին հանդէպ վարչակազմի չհասցէականացուած քաղաքականութիւնը այլեւս չի գործեր։ Հետեւաբար, այդ քաղաքականութիւնը պէտք է փոխուի։ Օպամային ուղղեալ նամակին մէջ շեշտուած է, թէ պատասխանատուութեան բացակայութեան պայմաններուն ներքեւ անկարելի է հաստատել խաղաղութիւն։