ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԸՄԲՌՆՈՒՄ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան նախընթաց երեկոյեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամայի հետ։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան այս առթիւ շեշտեց, թէ տարածքաշրջանը պէտք է մաքրագործուի բոլոր ահաբեկչական կազմակերպութիւններէն, ներառեալ ԻՇԻՊ-ն («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) ու ՓՔՔ-ն։ Միեւնոյն ժամանակ Էրտողան ուշադրութիւն հրաւիրեց Մուսուլի պարագային ձեռնարկուած գործողութեան նրբանկատօրէն յառաջ մղուելուն վրայ։
Հեռախօսազրոյցի ընթացքին երկու նախագահները անդրադարձան ԻՇԻՊ-ի դէմ պայքարի ծիրէն ներս հետագայ փուլերուն։ Ըստ Օպամայի, Թուրքիա-Սուրիա սահմանամերձ շրջանը ԻՇԻՊ-էն մաքրագործուած է Ազատ Սուրիոյ բանակին կողմէ եւ ամերիկեան կողմը բարձր կը գնահատէ այդ պայքարին ի նպաստ Թուրքիոյ կողմէ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը։ Սուրիոյ ժողովուրդին, Թուրքիոյ, ԱՄՆ-ի եւ այլ երկիրներու ուղղեալ սպառնալիքի նուազեցման տեսանկիւնէն Էրտողան եւ Օպամա անհրաժեշտ համարեցին ներկայ բարեյաջող գործընթացին տեւականացումն ու ԻՇԻՊ-ի դէմ ուղղեալ ճնշումներուն շարունակութիւնը։
Հեռախօսազրոյցի ընթացքին Էրտողան յստակօրէն ընդգծեց, թէ Թուրքիա կը պաշտպանէ Իրաքի տարածքային ամբողջականութիւնը։ Ըստ Օպամայի, ամերիկեան կողմը կ՚ողջունէ Անգարայի եւ Պաղտատի երկխօսութիւնը՝ որպէսզի Թուրքիա ԻՇԻՊ-ի դէմ ստեղծուած համախոհութեան պատշաճ մակարդակով ու ձեւով մասնակցութիւն ունենայ։ Երկու ղեկավարները վերահաստատեցին իրենց աջակցութիւնը Իրաքի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատամամբ։ Անոնք վերահաստատեցին նաեւ իրենց վճռակամութիւնը ամբողջ տարածքաշրջանէ ներս ԻՇԻՊ-ի դէմ պայքարի ուղղութեամբ, գլխաւորութեամբ Սուրիան եւ Իրաքը։ Երկու ղեկավարները համակարծիք գտնուեցան, որ անթոյլատրելի է Հիւսիսային Իրաքէ ներս ՓՔՔ-ի գոյութիւնը։
Կը հաղորդուի, որ Էրտողան-Օպամա հեռախօսազրոյցը տեւած է ժամ մը 25 վայրկեան։ Սպիտակ տան աղբիւրներն ալ փոխանցեցին Պեշթեփէի կողմէ կատարուած հաղորդումներուն համահունչ տեղեկատուութիւններ։ Ըստ մամուլին մօտ լոյս տեսած մանրամասնութիւններուն, ընդհանուր փոխըմբռնում մը գոյացած է երկու նախագահներուն միջեւ։ Էրտողան առաջարկած է, որպէսզի Սուրիայէ ներս չորս նուրբ կէտեր մաքրագործուին ԻՇԻՊ-էն՝ Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի համատեղ ջանքերով։ Էրտողան յայտնած է, թէ կարելի է Ռաքքան ազատագրել միասնական ջանքերով եւ ՓԵՏ-ի անհրաժեշտութիւնը խնդրոյ առարկայ չէ։ Օպամայի հետ զրուցելու ընթացքին Էրտողան շեշտած է նաեւ այն մօտեցումը, թէ Թուրքիա պիտի չհանդուրժէ, որպէսզի Սինճար վերածուի նոր Քանտիլի մը՝ ՓՔՔ-ի համար։ Ծանօթ է, որ ան վերջին շրջանին այս ուղղութեամբ ահազանգ կը հնչեցնէ նաեւ հանրային կարծիքին մօտ։
ՊՈԶՏԱՂԻ ԱՅՑԸ
Միւս կողմէ, Արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ դէպի Ուաշինկթըն այցելութեան շրջագծով հանդիպում մը ունեցաւ ԱՄՆ-ի Արդարադատութեան նախարար Լորեթթա Լինչի հետ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Պոզտաղ իր պաշտօնակցին ապացոյցներ ներկայացուց՝ ՖԵԹԷՕ-ի պարագլուխ Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի ունեցած դերակատարութեան շուրջ՝ 15 Յուլիսի զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձին մէջ։ Ծանօթ է, որ թրքական կողմը կը պահանջէ Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի արտայանձնումը, սակայն անկէ ալ առաջ ԱՄՆ-ի մէջ ձերբակալումը։ Ամերիկեան կողմին պաշտօնական աղբիւրները ներկայիս մատնանշումներ կ՚ընեն Թուրքիոյ կողմէ ներկայացուած ապացոյցներու չափանիշներուն։