ոչ եւս է Արձակագիր Ռուբէն Յովսէփեան

77 տա­րե­կա­նին կեան­քէն հե­ռա­ցաւ ար­ձա­կա­գիր, թարգ­մա­նիչ, սե­նա­րիստ Ռու­բէն Յով­սէ­փեան:

1962 թուա­կա­նին ա­ւար­տած է Ե­րե­ւեա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի երկ­րա­բա­նա­կան բա­ժան­մուն­քը: 1982-1987 թուա­կա­նե­րուն ե­ղած է «Սո­վե­տա­կան գրող» (այժմ` «Նաի­րի») հրա­տա­րակ­չու­թեան գլխա­ւոր խմբա­գիր, 1988-1989 թուա­կա­նե­րուն՝ Հա­յաս­տա­նի Գրողնե­րու միու­թեան քար­տու­ղար, 1989 թուա­կա­նին՝ «Նորք» ամ­սագ­րի գլխա­ւոր խմբա­գիր: Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան մշա­կոյ­թի վաս­տա­կա­ւոր գոր­ծիչ (2014):

Ա­նոր պատ­մուածք­ներն ու վի­պակ­նե­րը կը յատ­կան­շուին ար­ծար­ծուող թե­մա­նե­րու ար­դիա­կա­նու­թեամբ։ Իր գոր­ծենրն են. «Ո­րո­նում­ներ», 1965, «Եր­կու վի­պակ: Ճիչ: Հա­յոց թաղ», 1970, «Հնձան», 1972 (հա­մա­նուն շար­ժա­պատ­կեր, 1973), «Ա­մե­նա­տաք եր­կի­րը», 1977 (հա­մա­նուն շար­ժա­պատ­կեր, 1983), «Եր­կար, հրա­շա­լի օր», 1980, «Ճա­յե­րը», 1980 (ժո­ղո­վա­ծո­ներ):

Յով­սէ­փեան թարգ­մա­նած է Լեւ Թոլս­թո­յի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէն, Կապ­րիէլ Կար­սիա Մար­քէ­զի  «Հա­րիւր տա­րուան մե­նու­թիւ­նը», ա­պա նաեւ՝ «Նա­հա­պե­տի ա­շու­նը»:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 28, 2016