ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Փարիզ, ուր տեսակցեցաւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Մարք Էյրոյի, ինչպէս նաեւ խումբ մը խորհրդարանականներու հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նալպանտեան-Էյրօ հանդիպման ընթացքին բովանդակալից զրոյց ծաւալուեցաւ հայ-ֆրանսական առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններու օրակարգային շարք մը հարցերուն, զանազան բնագաւառներէ ներս համագործակցութեան ընդլայնման նպատակով ձեռնարկուած քայլերուն շուրջ։ Երկուստեք գոհունակութիւն յայտնուեցաւ յարաբերութիւններու աշխոյժ զարգացման թափին առընչութեամբ։ Նախարարները անդրադարձ կատարեցին միջխորհրդարանական աշխոյժ շփումներուն, ապակեդրոնացեալ նոյնպէս աշխոյժ համագործակցութեան։ Անոնք քննարկեցին առեւտրատնտեսական կապերու ընդլայնման ուղղութեամբ երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուծութիւններու կատարման ընթացքը։ Նալպանտեան եւ Էյրօ կանգ առին նաեւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան շրջանակներէն ներս համագործակցութեան վերաբերեալ հարցերու վրայ՝ Նոյեմբերին նախատեսուած գագաթաժողովին ընդառաջ։
Բանակցութիւններուն ընթացքին հանգամանալից քննարկում ծաւալուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին շուրջ։ Եդուարդ Նալպանտեան ընդգծեց, որ Ատրպէյճան ամիսներէ ի վեր կը շարունակէ մերժել իրականացումը Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի գագաթաժողովներուն նախագահներու մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, հետեւողականօրէն կը սրէ իրավիճակը շփման գծին վրայ՝ այսպէսով իսկ խոչընդոտելով բանակցային գործընթացի յառաջ մղման նպատակով համապատասխան պայմաններու ստեղծումը։ Երկուստեք շեշտուեցաւ Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի պայմանաւորուածութիւններու լիակատար իրականացման կարեւորութիւնը։
Հանդիպման աւարտին Նալպանտեան եւ Էյրօ ստորագրեցին համաձայնագիր մը, որ կը վերաբերի Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ ուսանողներու եւ մասնագէտներու փոխանակութիւնը կարգաւորելու։ Անոնք ստորագրեցին նաեւ 2013 թուակիր արձանագրութիւն մը՝ ստորագրուած Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ։
Փարիզի մէջ Նալպանտեան Ֆրանսայի Ծերակոյտի եւ Ազգային ժողովի՝ Հայաստանի հետ բարեկամութեան խորհրդարանական խումբի անդամներուն հետ ալ ունեցաւ հանդիպում մը, որու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ շարք մը տարածքաշրջանային խնդիրներու եւ անոնց լուծման հաւանականութիւններուն։ Նալպանտեան ֆրանսացի խորհրդարանականներուն ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի յառաջ մղման տեսակէտէ համապատասխան պայմաններու ստեղծման նպատակով Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներուն կողմէ ձեռնարկուած ջանքերը։