ՋԵՐՄ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Այսօր ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հիմնադրութեան 112-րդ տարեդարձն է։ Թուրքիոյ անընդմէջ հրատարակուող ամենահին օրաթերթը, հայաշխարհի անխափան լոյս տեսնող հնագոյն օրաթերթը եւ աշխարհի ամենահին փոքրամասնական հրատարակութիւններէն մին է ԺԱՄԱՆԱԿ-ը։ Թերթիս այս տարուան տարեդարձը բնորոշուեցաւ արտասովոր իրադարձութիւնով մը։ Այսպէս, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադրութեան 112-րդ տարեդարձին առթիւ երէկ երեկոյեան խմբագրատունս պատուեցին Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու եւ Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Եէրլիքայա։ Սա, միեւնոյն ժամանակ պատմական իրադարձութիւն մըն էր, որովհետեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան կառավարութեան անդամի մը կողմէ հայկական թերթի մը խմբագրութեան այցելութիւն տալը իսկապէս աննախընթաց երեւոյթ մըն է։ Ուստի, այս իրադարձութիւնը շատ յատկանշական էր թէ՛ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին եւ թէ մեր ամբողջ համայնքին տեսակէտէ։
Նախարար Սիւլէյման Սոյլու եւ կուսակալ Ալի Եէրլիքայա երէկ երեկոյեան ժամերուն այցելեցին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը, ուր մնացին աւելի քան ժամ մը։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեան եւ գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրասիրեցին բարձրաստիճան հիւրերը։ Խըմ-բագրութեանս հրաւէրով այս պատմական այցելութեան մասնակցեցան նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ, համայնքային երախտաշատ բարերար Արէտ Երկանեան եւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր։ Հանդիպման հրաւիրուած էր նաեւ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ ակամայ բացակայեցաւ՝ դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին ուղեւորութեան պատճառով։
Նախարար Սիւլէյման Սոյլուի ժամանումէն վերջ ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան, որ ամփոփ բացատրութիւններ տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի պատմութեան, առաքելութեան եւ գործունէութեան շուրջ։
Իր կարգին, Սիւլէյման Սոյլուն ալ ջերմ շնորհաւորութիւններով եւ յարատեւութեան մաղթանքով ողջունեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի տարեդարձը։ Նախարարը հանդիպման ընթացքին ըսաւ.
«Պատմական եւ խորհրդանշական իմաստով միջավայրի մը մէջ կը գտնուինք։ Բոլորս այս հողերու զաւակներն ենք։ Մեր երկիրը, անոր մարդիկն ու անոնց միասնականութիւնը մեզի համար շատ կարեւոր են։ Աշխարհի քոնժոնքթիւրէն, երբեմն մեր աշխարհագրութենէն, երբեմն ժամանակներէն ծագած դժուարութիւններ ապրած ենք բոլորս։ Այստեղ բոլորս ապրած ենք նման բաներ։ Փառք Աստուծոյ, կը յառաջանանք այդ բոլորը յաղթահարելով։ Մեր այստեղ գալը գիտակցուած նախընտրութիւն մըն է։ Եթէ իրարու համար բան մը չներկայացնենք, միայն դէմ յանդիման գալու ատեն ռեւերանսներ ընենք, սա կ՚ըլլայ զուտ քաղաքավարութիւն։ Մինչդեռ մենք իրարու համար շատ բան կը ներկայացնենք։ Մենք այս երկրի զաւակներն ենք, այս երկրի Սահմանադրութեան կապուած ենք։ Իրարու հետ ամուր անցեալ մը ունինք եւ այդ ամբողջ անցեալի ապագային փոխանցուիլը պատասխանատուութիւն մըն է մեզի համար։ Միայն այսպիսի բաներ ընելով, իրարու համար բաներ մը ընելով կրնանք մեր տրամադրութիւնը լաւ արտայայտել։ Մենք կը սիրենք մեր երկիրը եւ հաւատք կը տածենք անոր նկատմամբ։ Մենք անոր կը հաւատանք, որովհետեւ ան եղբայրութեան աշխարհագրութիւն մըն է։ Փափաքեցանք պարոն կուսակալին հետ այցելել այստեղ եւ մեր հիմնական նպատակն է արտայայտել մեր անկեղծութիւնը եւ բաժնել մեր մօտիկութիւնը։
«ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթն ալ, անոր իմաստն ալ, անցեալէն այսօր ըրածներն ալ կը կարեւորենք։ Շնորհաւորելով յարգանքով կ՚ողջունենք այն սերունդը, որ այս բոլորը այսօր կը տեւականացնէ։ Սա կարեւոր քայլ մըն է։ 112 տարին շատ բան կը նշանակէ։ Մեր բոլորին տեսակէտէ կարեւոր են այս հասկացութիւնն ու սերունդը, որոնք տէր կը կանգնին այդ 112 տարիներուն։ Սա պէտք է նոյնութեամբ շարունակուի։
«Աստուած մեր բոլորը տարբեր արարելով հարստութիւն մը ստեղծած է։ Մեզմէ իւրաքանչիւրին մասնայատկութիւններ շնորհած է։ Մենք կը հաւատանք, որ մարդ արարածը աշխարհի վրայ Աստուծոյ դեսպանն է։ Այդ զանազանութիւնը մեզ ալ կը զօրացնէ, մեր որոշում կայացնելու դրութիւնները կ՚ամրապնդէ։ Մեզի հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ աշխարհը բազում պատուհաններէ դիտարկելու։ Անատոլուի աշխարհագրութիւնը ամուր հարստութիւն մը ունի։
«ԺԱՄԱՆԱԿ-ն ալ այդ ամուր հարստութեան կրողներէն մին է։ Սա թէ՛ շատ կարեւոր խորհրդանշան մըն է եւ թէ շատ կարեւոր նիւթական ու բարոյական պատասխանատուութիւն մը։ Կը շնորհաւորեմ 112-րդ տարեդարձը։ Ան միայն մեր հայազգի քաղաքացիներու ձայնը չէ, այլեւ՝ մեր բոլորին ձայնն է։ Սա մեր տեսանկիւնէն լրիւ այսպէս է ու մեզի համար շատ կարեւոր վերնագիր մըն է»։