ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԻՒՆ

Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի մթնոլորտին մէջ ռազմաճակատի իրադարձութիւնները կը շարունակեն առաջնահերթօրէն զբաղեցնել օրակարգը։ Սա բախումներու եւ անորոշութեան շրջան մըն է, որ ատեն-ատեն պատերազմի թափը վերիվայրումներ կ՚արձանագրէ, սակայն կարելի չ՚ըլլար կայուն կացութեան մը մասին խօսիլ։

Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնէն ներս, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան երէկ երեկոյեան սարքած հերթական մամլոյ ասուլիսին ժամանակ մանրամասնութիւններ հաղորդեց վերջին կացութեան կապակցութեամբ։ Ըստ իրեն, Ատրպէյճան երէկ փորձած է մօտենալ Հայաստանի սահմանին, սակայն իր զօրքերը ետ մղուած են։ Արծրուն Յովհաննիսեան դիտել տուաւ, որ Արցախի գիւղերը կը շարունակեն Ատրպէյճանի զօրքերու ներթափանցման փորձերուն ենթարկուիլ։ Ըստ էութեան, փոքր խումբեր են անոնք, թեթեւ սպառազինութեամբ։ Հայկական ստորաբաժանումները կը յաջողին կասեցնել զանոնք, սակայն օրը 24 ժամ տեղի կ՚ունենան այսպիսի դէպքեր։ Դաշտավայրերէ վերջ, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը կը ջանան զարգացում ապահովել նաեւ լեռնային բարդ տեղանքի մէջ՝ իրենց հետ ունենալով միջազգային ահաբեկչական հրոսախումբերը եւ այլն։ Այս առումով ալ դիւրին չ՚ըլլար անոնց կողմէ յաջողութեան արձանագրուիլը եւ մարտավարական յարաբերաբար աւելի դժուար պայքար մը կ՚ընթանայ։ Երէկուայ օրուան կապակցութեամբ մատնանշած մանրամասնութիւններու ամբողջին մէջ Արծրուն Յովհաննիսեան դարձեալ առանձնապէս կանգ առաւ ռազմաճակատի հարաւային ուղղութեան վրայ։ Ինչպէս ծանօթ է, այդ հատուածէն ներս Ատրպէյճանի զօրքերը արձանագրած են յառաջխաղացում մը։ Ըստ Արծրուն Յովհաննիսեանի, այդ հատուածէն ներս Որոտան գետի երկայնքով ձեւաւորուած ռազմաճակատ մը կայ։ Երէկ Ատրպէյճանի բանակը փորձած է յարձակիլ նաեւ Բերձորի (Լաչին) ուղղութեամբ։ Այդ գործողութիւնները կը թիրախաւորէին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հարաւային սահմանները։ Հայկական ստորաբաժանումները յաջողած են կասեցնել այդ ոտնձգութիւնները։ Արծրուն Յովհաննիսեան դիտել տուաւ, որ երէկուան դրութեամբ պատերազմի բնոյթը որոշ չափով փոխուած է։ Այսպէս, երէկ օր-ւան տեւողութեան հայկական կողմը չէզոքացուցած է քանի մը ներթափանցման փորձեր։ Այս պատերազմը որոշ բարդութիւն մը ունի։ Իսկ Ատրպէյճան այլեւս կորսնցուցած է իր ահռելի քանակական առաւելութիւնը, նաեւ իր փորձագիտական առաւելութիւնը։

Սա եղած է զանազան հանգամանքներու բերումով եւ աշխոյժ զարգացումներու տեղեկութիւնները կարելի չէ մշտապէս յայտնել, որովհետեւ պատերազմը նոյն թափով չի զարգանար։

Արծրուն Յովհաննիսեանի կողմէ երէկ երեկոյեան ներկայացուած այս մանրամասնութիւններէն վերջ, «Ազատութիւն» ռատիօկայանն ալ այս առաւօտ արձագանգ հանդիսացաւ Ստեփանակերտի զանազան աղբիւրներու հաղորդումներուն, ըստ որոնց գիշերը ընդհանրապէս հանգիստ եղած է Արցախի բնակավայրերուն տեսակէտէ։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրներն ալ այս առաւօտ հաղորդեցին, որ որոշ ուղղութիւններով վերսկսած են տեղական նշանակութեամբ մարտերը։ Ատրպէյճանի զօրքերու ներթափանցման փորձերն ալ վերսկսած են այս առաւօտեան դրութեամբ։ Այս օրուայ սկիզբին հերթական անգամ թիրախաւորուած է Շուշին։ Լարուած կը մնայ նաեւ իրավիճակը Աւետարանոցի ձորակին մէջ։

Ռազմաճակատի վերաբերեալ այս մանրամասնութիւններուն առընթեր, հայկական աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ ներկայիս Ատրպէյճանի մէջ 17 հայ ռազմագերի կը գտնուի։ Հայկական կողմին մօտ ալ կան Ատրպէյճանի զօրքերէն ռազմագերիներ։ Անոնցմէ մին վերջին օրերուն ենթարկուեցաւ վիրահատութեան։ Հայկական կողմին մօտ գտնուող ուրիշ ռազմագերի մըն ալ երէկ տեսանիւթի մը միջոցաւ ըրաւ յայտարարութիւններ։

ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԵԼՈՅԹԸ

Առկայ իրավիճակին մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ երէկ երեկոյեան ուղիղ եթերով խօսք ուղղեց համայն հայութեան։ Ան ընդհանուր խորհրդածութիւններ եւ դիտարկումներ ըրաւ պատերազմի ընթացքին կապակցութեամբ։ Վարչապետը դիտել տուաւ, որ Արցախի Պաշտպանութեան բանակը ունի բաւարար չափով զէնք եւ ունի անհրաժեշտ ներուժը՝ իր առջեւ դրուած խնդիրները լուծելու համար։ Ըստ իրեն, Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը այս շրջանին միշտ յաղթանակի լուրերով սնած է սեփական հանրութիւնը, որ ամէն օր, ամէն վայրկեան ու երկվայրկեան կը սպասէ Արցախի անկման, իրենց վերջնական ու անշրջելի յաղթանակի մասին լուրը։ «Ատրպէյճանի հանրութիւնը, սակայն, այդ լուրը պիտի չստանայ։ Ատրպէյճանի հանրութիւնը այդ լուրը պիտի չստանայ եւ այդ լուրի անվերջ սպասումն է, որ պիտի քանդէ Արցախը նուաճելու Ատրպէյճանի ծրագիրները», ըսաւ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ ամբողջ աշխարհի մէջ արդէն լրիւ փոխուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ պատկերացումը։ Բոլորի համար հասկնալի դարձած է, որ Ատրպէյճան ինչպէս անցեալի մէջ, այնպէս ալ հիմա պատրաստ չէ որեւէ փոխզիջման։ Հուսկ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ իր գլխաւորած կառավարութիւնը որեւէ վայրկեան չէ շեղած ու պիտի չշեղի յաղթանակի ճանապարհը ցոյց տալու իր պարտականութենէն։

ՎԱՂԸ՝ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Միւս կողմէ, վաղը Ժընեւի մէջ նախատեսուած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն մասնակցութեամբ։ Անցեալ շաբաթավերջին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած խտացեալ քննարկումներէն վերջ յայտարարուած էր այս ժամադրութեան մասին։ Ուրեմն, Ժընեւի վաղուան ժամադրութեան ընդառաջ կան որոշ սպասումներ՝ դիւանագիտական հարթութեան վրայ զարգացումներ արձանագրելու տեսակէտէ։ Արդարեւ, Ուաշինկթընի մէջ յայտարարուած էր, որ վաղը պիտի քննարկուին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի հանգուցալուծման հիմնական քայլերն ու սկզբունքները եւ անոնց իրականացման ժամանակացոյցը։ Այս ամբողջը յառաջ պիտի տարուին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն կողմէ ընդունուած ձեւով։ Երեւանէն զանազան մեկնաբանութիւններ կը կատարուին այս բոլորին կապակցութեամբ։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ հասկնալի է, որ դժուար թէ էապէս դուրս գան տարիներ շարունակ բանակցուած կարգաւորման եզրի շրջանակներէն։ Բայց եւ այնպէս, ըստ երեւոյթին, Նիկոլ Փաշինեանի երէկուան ելոյթի տողատակերու շարք մը պատգամները որոշ չափով դուրս կը մնան այդ տրամաբանութենէն։ Արդարեւ Հայաստանի վարչապետը երէկ չբացառեց պատերազմի շարունակուիլը։ Իսկ Պաքու միջոցէ մը ի վեր յամառօրէն կը պահանջէ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ կարգաւորման հիմնարար սկզբունքներու հրապարակաւ վերահաստատումը։ Ժընեւի վաղուան բանակցութիւնները այս համայնապատկերին վրայ որոշ չափով յստակութիւն պիտի մտցնեն, ինչ որ գործընթացի շարունակութեան տեսակէտէ կրնայ էական նշանակութիւն ունենալ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2020