ԵՂԱՆԱԿԱՅԻՆ ԺԱՀՐԵՐԸ

Տարուան այս եղանակին ժահրերը շատ տարածուած կ՚ըլլան, ինչ որ յատկապէս վտանգաւոր է երեխաներու համար: Փոքրիկներու շրջանակին մէջ լուրջ հիւանդութիւններու տարածումէ խուսափելու համար ամերիկացի բժիշկ Հաուըրտ Պերօ ծնողներուն տուած է քանի մը օգտակար խորհուրդ, որոնք երեխան կը պաշտպանեն վտանգաւոր ժահրերէ: Ինչպէս կը բացատրէ մասնագէտը, երեխաները անմիջապէս կը վարակուին ու կը հիւանդանան, քանի որ անոնց դիմադրողականութեան համակարգը դեռ բաւական ամուր չէ, ուստի ծնողները պէտք է շատ աչալուրջ ըլլան: Այս խնդիրը յատկապէս արդիական է դպրոցական տարիքի երեխաներու մէջ, քանի որ ուսումնական հաստատութիւններու մէջ վարակուելու հաւանականութիւնը աւելի բարձր է: Նման դէպքերու պարագային վարակումէ խուսափելու համար առաջին հերթին պէտք է սորվեցնել երեխային հնարավորինս յաճախ լուալ ձեռքերը, քանի որ այս սովորութիւնը կը նուազեցնէ ժահրի փոխանցման հաւանականութիւնը: Մինչ այդ, կարեւոր են նաեւ պատուաստումները, որոնք կը պաշտպանեն տարատեսակ հիւանդութիւններէ:

Մասնագէտը նաեւ խորհուրդ կու տայ լաւ լուալ ատամները ճաշէն յետոյ եւ քնանալէ առաջ: Մինչ այդ, չվարակուելու համար երեխաներն ու անոնց ծնողները պէտք է խուսափին խիստ մարդաշատ վայրերէն: Իբր այդ՝ այս խորհուրդը յատկապէս արդիական է տարուան այն եղանակներուն, երբ ժահրերն ու տարատեսակ վարակիչ հիւանդութիւններու յարուցիչները առաւել տարածուած կ՚ըլլան:

Բժիշկի խօսքով՝ ժահրային հիւանդութիւններու բուժումը կ՚ենթադրէ շարք մը պարզ միջոցառումներ, որոնց շարքին կը դասուին բաւարար քանակութեամբ ջուրի գործածութիւնը, լիարժէք հանգիստը եւ ճիշդ սննդակարգը, որ հարուստ կ՚ըլլայ կենսանիւթերով, հանքանիւթերով ու այլ սննդարար նիւթերով: Սա կ՚ենթադրէ, որ ամենօրեայ սննդակարգին մէջ հարկաւոր է անպայման ներառել թարմ միրգեր ու բանջարեղէն:

Հաուըրտ Պերօ վստահ է, որ այս պարզ, սակայն շատ արդիւնաւէտ խորհուրդներուն հետեւելու պարագային հնարաւոր է փրկուիլ կարգ մը վարակիչ հիւանդութիւններու վտանգէն. ինչպէս՝ ջրծաղիկն ու RSV ժահրը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2020