ԵՐԿՐՈՐԴ ԶՐՈՅՑԸ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ աշխոյժ շփումները կը շարունակուին։ Արդարեւ, նախագահներու տեսակցութենէն առաջ երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի միջեւ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան եւ Փութին քննարկեցին իրադարձութիւններու զարգացումը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս։ Քրեմլինի աղբիւրներու հաղորդումներով, ռուսական կողմը խոր մտահոգութիւն յայտնեց ռազմական գործողութիւններու շարունակուելուն բերումով։ Փութին տեղեկացուց Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարութիւններու հետ շփումներու եւ հրադադարի շուտափոյթ հաստատման, ճգնաժամի լիցքաթափման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն մասին։ Ան խօսեցաւ նաեւ մարտերուն Մերձաւոր Արեւելքէ մեկնած ահաբեկիչներու զանգուածային ներգրաւման հարցին շուրջ։ Կողմերը համաձայնեցան ապագային եւս համակարգել Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններու գործողութիւնները։ Արցախի մէջ պատերազմի վերսկսելէն ի վեր սա Էրտողանի եւ Փութինի միջեւ տեղի ունեցած երկրորդ հեռախօսազրոյցն է։

Նախագահներու զրոյցին նախորդած Չավուշօղլու-Լաւրով խօսակցութեան ընթացքին ալ Արցախի հիմնախնդիրը քննարկման նիւթ դարձաւ։ Ըստ ռուսական դիւանագիտական աղբիւրներու, կարեւորուեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հնարաւորինս արագ կայուն հրադադարի մը ապահովման անհրաժեշտութիւնը։ Չավուշօղլու եւ Լաւրով ընդգծեցին, որ խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի, անհրաժեշտ է անյապաղ հրադադար հաստատել ու վերականգնել բանակցային գործընթացը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի մշակած դրութիւններու շրջանակներէն ներս։ Նոյնպէս ռուսական աղբիւրներու հաղորդումներով, Լաւրով յստակ շեշտած է տագնապի միջազգայնացման անթոյլատրելիութիւնը։ Ան օրակարգի վրայ բերած է նաեւ հակամարտութեան գօտի փոխադրուած վարձկաններու խնդիրը։ Այդ օտարերկրեայ գրոհայիններու ներգրաւումը խնդիրը կը տանի դէպի միջազգայնացում, ինչ որ անթոյլատրելի կը համարուի։

Ամենաբարձր մակարդակի այս հեռախօսազրոյցներուն զուգահեռ՝ երէկ Անգարայէն եւ Մոսկուայէն այլ յայտարարութիւններ ալ հնչեցին հիմնախնդրին կապակցութեամբ։ Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ յայտարարեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը պէտք է աշխատի յստակ արդիւնքներու հասնելու եւ խնդիրը վերջապէս լուծելու ուղղութեամբ։ «Որպէսզի ջանքերը ապարդիւն չմնան, միջնորդները պէտք է բանակցութիւններու սկսին՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւերուն եւ միջազգային իրաւունքներու չափանիշներու համապատասխան։ Միայն այդ պարագային հրադադարը կրնայ տեւական դառնալ», ըսաւ Աքսոյ։ Իր կարգին, Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով երէկ պատասխանեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վերաբերեալ բանակցութիւններուն Թուրքիոյ հաւանական մասնակցութեան մասին հարցումի մը։ Ըստ իրեն, հակամարտութեան կարգաւորման մէջ որեւէ երկրի ներգրաւման համար հարկաւոր է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հաւանութիւնը։ «Այստեղ կարեւոր է միայն կողմերու՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տեսակէտը։ Միայն հակամարտ երկիրները կրնան համաձայնութիւն տալ կամ ցանկութիւն յայտնել կարգաւորման գործընթացին այս կամ այն պետութեան մասնակցութեան համար», ըսաւ Փեսքով։

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներէն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ալ երէկ վերստին արձագանգեց Լեռնային Ղարաբաղի իրադրութեան։ Ծանօթ է, որ Ուաշինկթընի ջանքերով շաբաթավերջին երրորդ անգամ վերահաստատուած մարդասիրական հրադադարը տապալած էր։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ հիասթափուած է հրադադարի պայմանաւորուածութեան խախտուելուն պատճառաւ։ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Մայք Փոմփէոն ալ դաշտի վրայ առկայ ձախողման լոյսին տակ հեռախօսազրոյցներ ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Ըստ ամերիկեան դիւանագիտական աղբիւրներուն, Փոմփէօ վերստին ընդգծած է, որ հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի։ Ան յորդորած է, որ հակամարտ կողմերը հաւատարիմ մնան հրադադարի համաձայնութիւններուն։ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարը պահանջած է, որ երկու ղեկավարները հետեւին հիմնախնդրի դիւանագիտական կարգաւորման հասնելու սկզբունքին՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու հովանաւորութեան ներքեւ։

ԹԵՀՐԱՆԷՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ

Մինչ Արցախի ճակատին վրայ թէժ մարտերը կը շարունակուին, Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ տեղեկացուց, որ Թեհրան հակամարտութեան մշտական կարգաւորման նախագիծ մը մշակած է։ Իրանի խորհրդարանի Ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնաժողովը երէկ իրականացուց Լեռնային Ղարաբաղի զարգացումներուն վերաբերեալ քննարկում մը։ Ճեւատ Զարիֆն ալ մասնակցեցաւ այս ժողովին, որու ընթացքին յայտնեց, որ իրենց անհանգստութիւն կը պատճառէ տարածքաշրջանէ ներս ահաբեկիչներուն ներկայութիւնը։ «Այս առընչութեամբ մենք յստակ ըսած ենք, որ սա Իրանի համար անընդունելի է», ըսաւ Ճեւատ Զարիֆ ու տեղեկացուց, որ Թեհրան հանդէս կու գայ դիւանագիտական նախաձեռնութիւնով մը։ Այսպէս, Իրանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Ապպաս Արաղչի այս օրերուն ուղեւորութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Պաքու, Մոսկուա, Երեւան եւ Անգարա։ Ճեւատ Զարիֆի կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններուն առընթեր, Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Ղաթիփզատէ նշեց, որ փոխ-նախարարը այս շրջագայութեան ընթացքին կը ներկայացնէ հակամարտութեան լուծման վերաբերեալ նախաձեռնութիւնը։ Այս միջնորդական շրջայցը կը կատարուի այնպիսի միջավայրի մը մէջ, ուր Իրանի հիւսիսային հատուածը լրջօրէն կ՚ազդուի հակամարտութեան գօտիի բախումներէն։

ԹԻՖԼԻԶԷՆ ԿՈՉ

Մինչ այդ, Հարաւային Կովկասի երկիրներէն Վրաստանն ալ անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն։ Այդ երկրի ղեկավարութիւնը հերթական անգամ կոչով մը հանդէս եկաւ, որպէսզի Թիֆլիզ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ օգտագործուի որպէս հարթակ։ «Աշխարհի վրայ չկայ Հարաւային Կովկասէն աւելի ուժեղ տարածքաշրջան մը՝ տնտեսութեան, պաշարներու եւ աշխարհաքաղաքական նշանակութեան տեսանկիւնէն։ Եթէ Հարաւային Կովկասի մէջ ամուր խաղաղութիւն հաստատուի, ապա կը շահին բոլորը՝ տարածքաշրջանը եւ բոլոր խոշոր տէրութիւնները տարածքաշրջանի սահմաններէն դուրս», յայտարարեց Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանի։ Միեւնոյն ժամանակ, վրացի նախարարը ընդգծեց, որ Թիֆլիզ պատրաստ է՝ որպէս միջնորդ հանդէս գալ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ բանակցութիւններուն մէջ։ Ըստ իրեն, Վրաստան միշտ բարեկամական յարաբերութիւններ կը պահէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԱԼԻԵՒ

Միւս կողմէ, «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հարցազրոյց մը տուաւ իտալական «Rai-1» հեռուստակայանին։ Այս առթիւ ան ըսաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը հնարաւոր է միայն այն պարագային, եթէ հայկական կողմը հրապարակաւ ընդունի հիմնարար սկզբունքները։ Իր խօսքով՝ այդ սկզբունքները կ՚ենթադրեն Ատրպէյճանին վերադարձնել Լեռնային Ղարաբաղի յարակից եօթ շրջանները, ատրպէյճանցի փախստականներուն ու տեղահանեալներուն վերադարձը իրենց բնակավայրերը։ Ի պատասխան հրադադարի կոչերուն՝ Ալիեւ յայտնեց, որ պատրաստ է ռազմական գործողութիւնները շարունակելու եւ տարածքները վերադարձնելու ամէն գնով։ Ան նաեւ անհիմն մեղադրանքներ որակեց հակամարտութեան գօտիէն ներս Մերձաւոր Արեւելքէ վարձկան ահաբեկիչներու ներգրաւումը։ Ան ցաւ յայտնեց, որ նման անհիմն մեղադրանքներ կը հնչեն Ֆրանսայէն եւ Ռուսաստանէն, որոնք ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ կը հանդիսանան։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2020