ՉԱՓԱՒՈՐ ԳԱՐԵՋՈՒՐԸ ՕԳՏԱԿԱՐ

Գարեջուրը ու ալքոհոլային այլ ըմպելիքները կը համարուին մարմնի համար խիստ վնասակար, ուստի մասնագէտները խորհուրդ կու տան հնարաւորինս խուսափիլ անոնցմէ, սակայն Պերլինի համալսարանի գիտնականները ուսումնասիրութենէ մը վերջ յանգած են այն եզրակացութեան, որ եթէ չափաւոր գործածուի գարեջուրը՝ կրնայ դրական ազդեցութիւն ունենալ ոսկորներու հիւսուածքներու վրայ։ Մասնագէտներու խօսքով՝ քիչ քանակութեամբ գարեջուրը կրնայ նուազեցնել ոսկորներու փխրունութիւնն ու զանոնք դարձնել աւելի ամուր։ Աւելին՝ հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ գարիէ պատրաստուած մթերքը կը նուազեցնէ օսթէոփորոզի զարգացման հաւանականութիւնը, իսկ այս հիւանդութիւնը կը յանգեցնէ ոսկորներու փխրունութեան, ատամներու փտացման ու յենաշարժիչ համակարգի ախտահարման։

Գիտնականները գարիի բաղադրութեան մէջ քոլաժեն յայտնաբերած են, իսկ այս տարրի շնորհիւ կրնայ վերականգնիլ ոսկորներու ու յօդերու ախտահարուած հատուածները։ Իբր այդ՝ մասնագէտները կ՚ընդգծեն, որ բաց գոյնի գարեջուրի մէջ քոլաժենի պարունակութիւնը զգալիօրէն աւելի բարձր է, քան մուգ գոյնի գարեջուրի մէջ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2020