ՋՈՒՐԻ ՇԻՇԵՐԸ ՎՆԱՍԱԿԱՐ

Ջուրը կենսական նշանակութիւն ունեցող հեղուկ մըն է, առանց որու մարմինը չի կրնար կատարել իր գործառոյթները։ Բժիշկները յաճախ կը շեշտեն օրուան ընթացքին բաւարար քանակութեամբ ջուր խմելու անհրաժեշտութեան մասին, սակայն կ՚ըլլան պարագաներ, երբ ծարաւը յագեցնելու համար մարդիկ ստիպուած կը գնեն շիշալեցուած ջուր, մինչդեռ այն այնքան անվտանգ չէ, որքան շատեր կը կարծեն։ Մասնագէտներ նշած են, թէ ի՛նչ վտանգաւոր տարրեր կրնան գտնուիլ շիշալեցուած ջուրերու մէջ եւ ինչ խնդիրներ կրնան յառաջացնել անոնք։

ՄԻՔՐՕ-ԿԵՐՊԸՆԿԱԼ

2018 թուականին կատարուած հետազօտութեան շրջանակներէն ներս գիտնականները ուսումնասիրած են աշխարհի զանազան վայրերէ բերուած շիշալեցուած ջուրի 259 նմոյշ։ Հետազօտութեան արդիւնքին անոնց 93 առ հարիւրին մէջ յայտնաբերուած է միքրօ-կերպընկալ։ Մարդու մարմնի վրայ այս տարրի ազդեցութեան վերաբերեալ տուեալները առայժմ շատ քիչ են, սակայն կենդանիներու վրայ կատարուած գիտափորձերն ու համաճարակաբանական հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ կերպընկալի ազդեցութեան ու առողջական լուրջ խնդիրներու զարգացման միջեւ կապ կայ։

ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ՏԱՐՐԵՐ ՈՒ ՔԱՂՑԿԵՂԱԾԻՆ ՆԻՒԹԵՐ

2018 թուականի հոկտեմբերին Water Research ամսագրին մէջ հրապարակուած հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ շիշերու պատրաստման ընթացքին կերպընկալին առաձգակալութիւն տալու համար  աւելացուող տարրերը կրնան կապուած ըլլալ քաղցկեղի զարգացման հաւանականութեան բարձրացման հետ։ Գիտնականները հետազօտած են 21 երկրի մէջ վաճառուող շիշալեցուած ջուրերը ու պարզած են, որ անոնք կրնան առողջապահական համակարգի համար լուրջ խնդիր չդառնալ, սակայն կայ հաւանականութիւն, որ անոնք կ՚ազդեն էօսթրոժեն հորմոնի մակարդակի վրայ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2020