ԱՆՈՒՆՍ, ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆՍ ԵՒ ՏՈՒՆՍ՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ը
Վերջին տարիներուն մեր թերթը կը ծաղկի։ Հակառակ ամենակուլ պայմաններուն, հակառակ «Քովիտ»ին, հակառակ մեծ կորուստներուն ու հայ ժողովուրդի գլխուն եկած փորձանքներուն, ԺԱՄԱՆԱԿ-ը կը ճախրէ։ Կը ճախրէ ո՛չ միայն անոր համար, որ օրը օրին եւ պարտաճանաչօրէն կը հասնի իր ընթերցողներուն՝ լրացնելու համար անոնց աշխարհն ու ցոյց տալու հետաքրքրութեան մեծ դաշտագետինները, կամ ոչ անոր համար, որ տիւ եւ գիշեր կը մշակէ հայոց վաղեմի լրագրութեան, վաղեմի մեր վեհանձն ներկայացուցիչին՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի նոր էջերը, այլ մանաւանդ անոր համար, որ թերթը ստորագրութիւն ունի։ Մեր թերթը ունի իր խօսքը, իր տեսակէտը, իր մօտեցումները, իր հաստատակամութիւնը, որոնք միայն բառերով սնունդ չեն առներ, ոչ ալ խօսքերով, այլ մանաւանդ՝ գործով։
Այդ մեծ գործին մէջ կը դիտարկեմ Արա Գօչունեանին անունը, որուն աշխատասիրութիւնը, թերթը հրապարակելու կիրքը, բայց մանաւանդ ճշդապահութիւնը վարակիչ է բոլորիս համար։
Տարբեր առիթներով պիղծ բերաններ շաղակրատած են ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մասին։ Չարակամ խօսքեր ըսած են, չարացած են, թերթը համարած են այս կամ այն կողմին ծառայութիւններ մատուցողը, կամ ալ, զայն համարած են Թուրքիոյ պետութեան բանբերն ու խօսնակը՝ քանի անոր խմբագրութիւնը Պոլսոյ մէջ է։ Այդ մարդիկ այսօր լռած են։ Լռած են ո՛չ միայն անոր համար, որ ստիպուած են կեղծ քաղաքավարութիւն մը խաղալ, այլ անոր համար, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը փաստած է հակառակը իր հրապարակումներով ու տեսակէտներով։ Անոնք ստիպուած եղած են հաշուի նստիլ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի բերած թարմութեան, անոր տուած շունչին եւ հաղորդած ոգիին հետ։ Ամէն պարագայի, ամէն անգամ, որ իմ «ամենաԺԱՄԱՆԱԿ» թերթին մասին խօսիմ, յանկարծ հոգիս դուրս կու գայ ինձմէ ու կ՚երթայ թափառելու այն նեղ ու խճողուած փողոցներուն մէջ, որոնք մեզ կը տանին Ֆէրիգիւղի այն անկիւնը, ուր կան թերթիս նուիրեալ հիմնադիրներուն՝ Միսաք եւ Սարգիս Գօչունեաններու կիսանդրիները, նաեւ կայ իր սերունդին ու մեզի համար շատ բան կատարած ողբ. Արա Գօչունեան երէցի «փորթրէ» լուսանկարը, տակն ալ արձանագրում մը ՝ «Ողջո՜յն ամենքին»։
Մօտիկ անցեալին, երբ սկսայ օրուան կտրուածքով քանի մը մտածումներ թուղթին տալ ու զանոնք հեւ ի հեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին հասցնել, որոշեցի վերակենդանացնել մեծն Քասիմի նախընտրած սիւնակի անունը՝ «Օրուան մտածումներ»ը եւ անոր ներշնչումով իմ սիւնակը սկսաւ կոչուիլ «Օրուան մտորումներ»։ Այդ խորագիրը ընտրելով սկսայ «բազմիլ» թերթի ճակատին, աթոռ մը դնել դիմացս, սանկ ոտքերս կերպով մը երկարել ու սուրճ մը խմել ընթերցողիս հետ։ Արագ անդրադարձայ, որ խմբագիրս փոխած է ընդհանուր խորագիրը եւ զայն «Օրուան մտածումներ»ու փոխարէն «մկրտած»՝ «Օրուան մտորումներ»։ Գուցէ պատճառը միայն այն չէր, որ ես ալ Քասիմի նման սուր ու յարդարուած պեխեր չունէի եւ չունէի իմ գլխին հայ մեծամեծներու կրած ֆէսէն, այլ անոր համար, որ շատ հեռու էի Քասիմի պարտաճանաչութենէն։
Ցաք ու ցրիւ էի, Պէյրութի ծովու ալիքներուն պէս անհանգիստ հոգի էի, պաղտատցի հօրաքրոջս աչքերուն պէս կլոր ու փոքր էին աչքերս, նաեւ Քասիմի սիրած ու պաշտած Հալէպին մերձ եղող Ճարապլուսի Եփրատի «ահեղավազ» երթով կ՚աճապարէի։ Ես ուրիշ էի, Քասիմը ուրիշ, սակայն, ան կարողացած էր մտնել հոգիիս մէջ ու հիմա ալ, այս հանդիսաւոր պահուն, երբ տողերս կը շարեմ, հոգիս դարձեալ կ՚ուրախանայ, որ անոր կապած երդիքին տակ բառերս կամաց-կամաց ճամբայ կ՚ելլեն խօսելու համար, նաեւ պատմելու արաբական աշխարհի բոլոր ցաւերուն, մեծ ու փոքր տագնապներուն, սպասումներուն, երազներուն ու ապագային մասին։
Քասիմն ու ես տարբեր ենք։
Ան կու գար Պոլիսէն, թանձր ու արիսթոքրաթ ակնոցներու խորքերէն նայելու կեանքին, Օսմանեան կայսրութեան մեծ դարպասէն դիտելու իրերը եւ զրուցելու իր ընթերցողին հետ:
Ան Պոլիսէն, ես նուաստս՝ Պէյրութէն։
Տակաւին շատեր չպահեցին իրենց անհանգստութիւնը, թէ Պոլսոյ մէջ ամէն օր իր ընթերցողներուն «բարի լոյս» բաշխող ԺԱՄԱՆԱԿ-ը ինչու այդքան լայն տեղ կը շնորհէ Պէյրութին։ Պէյրութին, Հալէպին, Դամասկոսին, Եփրատին, իմ ծնած ու զիս իր թաղանթներուն մէջ երկար ատենով պահած իմ սիրելի Պուրճ Համուտին ու տակաւին ամէն օր նոր իմաստներ տուող պայծառ Երեւանին։ Այս բոլորը կը պարտիմ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին, անոր հիւրընկալ մտերմութեան եւ աշխարհը լայն կարկինով տեսնելու ընդունակութեան, որ միշտ չի կրնար իրականութիւն դառնալ։
Ու այսօր երբ կանգնած եմ իմ ու մեր սիրած թերթի հերթական տարեդարձը նշելու, մէկ գաղափար զիս կը հալածէ, որ արդեօք ես արժանի՞ եմ այդ բոլորին։ Արժանի՞ եմ իմ շատ սիրելի տիկին Նատիայի մօրենական ժպիտին։ Արժանի՞ եմ Արա Գօչունեանի եղբայրական հոգիին։ Արժանի՞ եմ թերթի համար ամէն օր մաքառող պրն. Սարգիսի յարգանքին։ Արժանի՞ եմ թերթի միւս աշխատակիցներուն ու մանաւանդ զինուորեալներուն՝ Աննային, Գարոլինին, տիկին Լիկիային, Պիանքային ու տակաւին թերթի քուլիսներու ետին կանգնող «անյայտ զինուորներ»ու պատրաստակամութեան ու ջերմութեան։
Ես, որ յաճախ կը թերանամ, յաճախ կ՚ուշացնեմ նիւթերս, յաճախ «կը մոռնամ» ու յաճախ ժամացոյցս հանածի պէս ժամանակէն դուրս կ՚իյնամ... Բայց մանաւանդ ու էն կարեւորը՝ արժանի՞ եմ ընթերցողներուս սիրոյն ու ակնածանքին (այդ մէկը միշտ ալ կը տեսնեմ ու կը լսեմ...)։
Այս բոլորի պատասխանները ձեր մօտ են ու ամենակարեւորն այն է, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հանդէպ սէրս ամէն օր աւելիով կ՚աճի։ Ան ո՛չ միայն տուն եղաւ իմ որբութեանս օրերուն, այլ դարձաւ պատուհան ու կամուրջ, որպէսզի լիարժէք շնչեմ, որպէսզի լիարժէք գրեմ եւ որպէսզի լիարժէք խօսիմ ձեզի հետ...
Այդ խօսակցութիւնը դեռ երկար պիտի շարունակուի ու դաստակիս վրայի իրական ժամացոյցի սլաքները պիտի խայտան ամէն անգամ, որ վերջին վերջակէտս դնեմ ու նիւթին տակ իմ անունս ստորագրեմ...
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան