ԲԱՆԱՎԷՃԸ ԿԸ ՍԱՍՏԿԱՆԱՅ

Թուր­քիոյ եւ Ռու­սաս­տա­նի մի­ջեւ ծա­գած լա­րուա­ծու­թիւ­նը կը մնայ առ­կայ, մինչ թափով կը սաստ­կա­նայ նաեւ եր­կու եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վա­րու­թեանց մի­ջեւ բա­նա­վէ­ճը։ Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ շա­րու­նա­կեց վճռա­կան ո­ճով ար­տա­յայ­տուիլ այս խնդրին շուրջ ու խոր­հուրդ տուաւ Ռու­սաս­տա­նին, որ­պէս­զի կրա­կի հետ չխա­ղայ։ «Աշ­խար­հի կող­մէ մեր ար­դա­րու­թեան ըն­դու­նուած նիւթ մը պատ­րուա­կե­լով՝ մե­զի մե­ղադ­րանք­ներ հաս­ցէագ­րե­լը կը նշա­նա­կէ խա­ղալ կրա­կի հետ։ Ռու­սաս­տա­նին կը յանձ­նա­րա­րենք չխա­ղալ կրա­կի հետ», ը­սաւ Էր­տո­ղան։ Բաց աս­տի, ան բա­ցա­յայ­տում­ներ ը­րաւ G-20-ի Ան­թա­լիոյ գա­գա­թա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի հետ ծա­ւա­լած քննար­կում­նե­րուն ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ Ըստ Էր­տո­ղա­նի, ճիշդ է, որ կող­մե­րու մի­ջեւ ռազ­մա­վա­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն մը գո­յու­թիւն ու­նի, սա­կայն սա չի կրնար ար­դա­րաց­նել Թուր­քիոյ գե­րա­կա­յու­թեան ի­րա­ւունք­նե­րուն դէմ ոտնձ­գու­թիւ­նը։

Մոս­կուա­յէն ալ ե­րէկ հնչե­ցին դար­ձեալ խիստ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ։ Վլա­տի­միր Փու­թին յայտ­նեց, որ Էր­տո­ղան փա­փաք յայտ­նած է յա­ռա­ջի­կայ Եր­կու­շաբ­թի Փա­րի­զի մէջ կա­յա­նա­լիք Մի­ջազ­գա­յին կլի­մա­յի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին շրջագ­ծով տե­սակ­ցիլ ի­րեն հետ։ Ռուս ղե­կա­վա­րը մեր­ժած է այդ տե­սակ­ցու­թիւ­նը՝ պատ­ճա­ռա­բա­նե­լով Թուր­քիոյ նե­րո­ղու­թիւն խնդրե­լու պատ­րաստ չըլ­լա­լը։ Իր կար­գին, Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րովն ալ ե­րէկ խօ­սե­ցաւ Սու­րիա-Թուր­քիա սահ­-մա­նը փա­կե­լու ծրագ­րի մը շուրջ։ Իր խօս­քե­րով, Ֆրան­սա­յի Նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լանտ Մոս­կուա­յի մէջ նա­խըն­թաց օր ներ­կա­յա­ցու­ցած է հա­մա­պա­տաս­խան ա­ռա­ջարկ մը՝ այն ակն­կա­լու­թիւ­նով, որ սա կրնայ նպաս­տել ա­հա­բեկ­չու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րու լուծ­ման։ Իսկ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու ե­րէկ Պաքուի մէջ տե­ղե­կա­ցուց, թէ Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի հետ պայ­մա­նա­ւո­րուած են հան­դի­պե­լու հա­մար Պելկ­րա­տի մէջ, ուր 3-4 Դեկ­տեմ­բեր թուա­կան­նե­րուն տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ԵԱՀԿ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու՝ նա­խա­րա­րաց մա­կար­դա­կով տա­րե­կան ժո­ղո­վը։ Սա ա­ռայժմ Ան­գա­րա­յի եւ Մոս­կուա­յի մի­ջեւ երկ­խօ­սու­թիւն մը վե­րա­հաս­տա­տե­լու տե­սան­կիւ­նէն դրա­կան միակ տուեալն է՝ մա­նա­ւանդ, որ Չա­վու­շօղ­լու ե­րէկ յոյս յայտ­նեց նաեւ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն լա­րուա­ծու­թեան մեղ­մաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Միւս կող­մէ, Սէր­կէյ Լաւ­րով ե­րէկ տե­ղե­կա­ցուց, թէ Մոս­կուա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ո­րո­շած է տա­րե­մու­տի դրու­թեամբ դադ­րեց­նել Թուր­քիոյ եւ Ռու­սաս­տա­նի մի­ջեւ ներ­կա­յիս հաս­տա­տուած ա­ռանց վի­զա­յի այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու դրու­թի­ւնը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 28, 2015