ՄՇՈՒՇԱՊԱՏ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պաքու, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Նոր կառավարութեան ձեւաւորումէն վերջ սա նախարարի առաջին արտասահմանեան պաշտօնական ուղեւորութիւնն էր, որու ընթացքին ան տեղեկացուց, թէ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուն ալ կը պատրաստուի յառաջիկայ օրերուն Պաքու այցելել՝ նոյնպէս նոր կառավարութեան ձեւաւորման յաջորդած ներկայ շրջանին՝ առաջին արտասահմանեան պաշտօնական այցով։
Պաքուի մէջ Մեւլիւտ Չավուշօղլու ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի, Խորհրդարանի նախագահ Օքթայ Ասատովի եւ Վարչապետ Արթուր Ռասիզատէի կողմէ։ Ան մէկտեղուեցաւ նաեւ իր ազէրի պաշտօնակցին՝ Էլմար Մամէտեարովի հետ։ Առանձնազրոյցէն վերջ երկու նախարարները գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները, որու աւարտին սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Այս առթիւ Չավուշօղլու շեշտեց, թէ երկկողմանի յարաբերութիւնները գերազանց ընթացք ունին բոլոր ուղղութիւններով։ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման կապակցութեամբ նախարարը կրկնեց Անգարայի զօրակցութիւնը ի նպաստ Պաքուին։ Միեւնոյն ժամանակ Չավուշօղլու շեշտեց, թէ անհրաժեշտ բոլոր քայլերը նախատեսուած ժամանակացոյցով կ՚առնուին Անդրանատոլեան բնական կազի խողովակաշարի (TANAP) կառուցման ծրագիրը կեանքի կոչելու համար։
Իլհամ Ալիեւ Չավուշօղլուն ընդունելու ժամանակ շնորհաւորեց անոր նշանակումը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի տեւողութեան օրակարգի վրայ եկան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման եւ երկու երկիրներու ձեռնարկած համատեղ ծրագրերու իրականացման վերաբերեալ հարցեր։
Չավուշօղլուի եւ Մամէտեարովի համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին եւս օրակարգի վրայ եկաւ ղարաբաղեան հարցը։ Շարունակելով մշուշապատ տուեալներու մատուցումը՝ Էլմար Մամէտեարով հերթական անգամ պնդեց, թէ Ռուսաստան առաջարկներ ներկայացուցած է ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման համար։ «Բոլորը համաձայն են, որ ամենամեծ խնդիրն է Ատրպէյճանի տարածքներու բռնագրաւման շարունակումը։ Անվտանգութեան առումով սա խնդիրներ կը ստեղծէ ամբողջ տարածքաշրջանին համար», ըսաւ Մամէտեարով եւ աւելցուց, թէ այդ առաջարկները ներկայացուած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն անունով։ Ըստ իրեն, միջնորդներու վերջին այցելութեան ժամանակ առաջարկուած է կազմակերպել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպում մը։ Ազէրի կողմը համամիտ է, որ այդ հանդիպումը տեղի ունենայ մինչեւ տարեվերջ եւ համանախագահները աշխատանք կը տանին այս ուղղութեամբ։
Միւս կողմէ, Մամէտեարով հարցազրոյց մըն ալ տուաւ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին ու տեղեկացուց, թէ Պաքու պաշտօնապէս կը մերժէ Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն առաջարկը, որ կը նախատեսէ Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գծի դէպքերու հարցաքննութեան ու կանխարգիլման դրութիւններու ստեղծումը։ Արդարեւ, Ատրպէյճան կը պահանջէ, որ նախ եւ առաջ Լեռնային Ղարաբաղէն եւ յարակից տարածքներէն դուրս բերուին հայկական զօրքերը, ինչ որ մշտապէս օրակարգի վրայ կու գայ բանակցութիւններուն ընթացքին։