ՓՈՒԹԻՆ ԵՒ ԽԱՄԱՆԷՅ ԻՆՉ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ութ տա­րի ա­ռաջ իր կա­տա­րած այ­ցե­լու­թե­նէն ետք Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին Թեհ­րան ժա­մա­նե­լով ու­նե­ցաւ կա­րեւո­րա­գոյն հան­դի­պում­ներ Ի­րա­նի Իս­լա­մա­կան հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Շէյխ Հա­սան Ռո­ւհա­նիի եւ գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ Ա­լի Խա­մա­նէ­յի հետ:

Ռազ­մա­վա­րա­կան ա­ռու­մով Փու­թի­նի կա­տարած այս այ­ցը կա­րե­ւոր էր մէ­կէ ա­ւե­լի ա­ռում­նե­րով մա­նա­ւանդ, որ զա­նա­զան աղ­բիւր­ներ սկսած էին խօ­սիլ եր­կու դաշ­նա­կից­նե­րու ու­նե­ցած բա­ցա­յայտ տա­րա­կար­ծու­թեանց մասին՝ սու­րիա­կան տագ­նա­պին կա­պակ­ցու­թեամբ:

Եր­կու դաշ­նա­կից­նե­րու ու­նե­ցած տար­բեր մօտե­ցում­նե­րուն մա­սին ման­րա­մասն տե­ղե­կութիւն­ներ կը փո­խան­ցէ «Էլ Ա­րա­պի­ա» կայա­նը, ո­րուն հա­մա­ձայն Սու­րիոյ նա­խա­գա­հին իշ­խա­նու­թեան գլուխ մնա­լու խնդի­րը Իրա­նի հա­մար ա­ռաջ­նա­յին է, մինչ ռու­սա­կան կե­ցուածք­նե­րուն մէջ կայ ո­րոշ ե­րե­րում: Կարե­լի չէ հաս­տա­տել, որ ռու­սա­կան կող­մին հա­մար Է­սա­տի ճա­կա­տա­գի­րը երկ­րոր­դա­կան հարց մըն է, այլ պէտք է ըմբռ­նել, որ Մոս­կուա­յի հա­մար ներ­կայ հանգ­րուա­նին կա­րե­ւո­րը Սու­րիոյ տագ­նա­պին քա­ղա­քա­կան լու­ծում­ներ գտնե­լու գոր­ծըն­թաց­նե­րուն ճա­նա­պարհ բա­նալն է: Պէտք չէ մոռ­նալ նաեւ, որ ռու­սա­կան մի­ջա­մտու­թիւ­նը Սու­րիոյ մէջ կը բո­լո­րէ իր երկ­րորդ ա­մի­սը եւ ժա­մա­նա­կի ազ­դա­կը շատ կա­րե­ւոր է Մոս­կուա­յին հա­մար: Փու­թին քաջ գի­տէ, որ Սու­րիոյ մէջ իր սկսած զի­նուո­րա­կան մի­ջամ­տու­թիւ­նը յա­ւի­տե­նա­կան չէ եւ նոյն ա­ռու­մով հա­կա­ռակ ա­նոր, որ ռու­սա­կան ու­ժե­րը գետ­նի վրայ փայ­լուն յա­ռա­ջ­խաղացք կ՚ար­ձա­նագ­րեն՝ քիչ չեն այն վեր­լու­ծա­բան­նե­րը, ո­րոնք կը շեշտեն, թէ ժա­մա­նա­կի զի­նուո­րա­կան միջամտու­թեան ժամ­կէ­տին եր­կա­րա­տեւ ըլ­լա­լը կրնայ ծանր հե­տե­ւանք­ներ ու­նե­նալ ռու­սա­կան ու­ժե­րուն տե­սա­կէ­տէ։

Այս­տեղ պէտք չէ մտքա­հան ը­նել այն տուեա­լը, որ ծայ­րա­յեղ իսլ­ա­միստ խմբա­ւո­րում­նե­րուն հա­մար ա­մե­նէն հզօր զէն­քը ան­ձնաս­պա­նա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ ը­նե­լու մե­թոտն է: Զէնք մը, ո­րուն դի­մաց ռու­սա­կան կող­մը կրնայ ձեռ­նա­ծալ մ­­նալ եւ յայտ­նուիլ բա­ւա­կան դժուար վի­ճա­կի մը մէջ:

Բա­ցի աս­կէ կա­րե­ւոր է նաեւ, որ Վլա­տի­միր Փու­թին մտադ­րած է մին­չեւ վերջ լսել իր ի­րան­ցի հա­ւա­տա­րիմ դաշ­նա­կ­­ցին մտա­հո­գու­թիւ­նը: Այդ մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը կը վե­րա­բե­րին մաս­նա­ւո­րա­պէս Է­սա­տի ճա­կա­տագ­րին, Ի­րա­նի հա­մար կո­րի­զա­յին ա­ջակ­ցու­թեան եւ ռու­սա­կան C-300 հա­մա­կար­գե­րու փո­խանց­ման գոր­ծըն­թաց­նե­րուն:

2007-ին կա­տա­րած այ­ցէն ետք, ու­րեմն, Փութին ե­կած էր բա­ցատ­րե­լու, որ Թեհ­րան-Մոս­կուա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը անդր­դուե­լի են, իսկ ինչ կը վե­րա­բե­րի Սու­րիոյ տագ­նա­պին բնա­կան է, որ Փու­թին մին­չեւ վերջ պի­տի ու­զէր լսել ի­րան­ցի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն մտա­վա­խու­թիւն­նե­րը:

Իս­րա­յէ­լեան «Ճե­րու­զա­լէմ Փոսթ»ը այս այ­ցին մա­սին կարճ վեր­լու­ծա­կան մը հրա­պա­րա­կե­լով նաեւ կը յի­շեց­նէ, որ Ի­րան մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ չէ ըն­դու­նած Ռու­սաս­տա­նի բա­ցա­յայտ միջամ­տու­թիւն­նե­րը Սու­րիոյ մէջ: Այ­սինքն Թեհ­րան մտա­հոգ է, ոչ միայն Է­սա­տի ճա­կա­տագ­րով, այլ նաեւ այն պատ­ճա­ռով, որով­հե­տեւ լաւ կը հասկ­նայ, որ Մոս­կուա­յի հա­մար սու­րիա­կան զօր­քին կա­րե­ւոր դեր մը տա­լու հան­գա­ման­քը այդ­քան ալ դրա­կան չէ այն ի­մաս­տով, որ Ի­րան Սու­րիոյ տագ­նա­պի լուծ­ման ճա­նա­պար­հին այդ­քան ալ մեծ դեր չ՚ու­զեր տալ սու­րիա­կան բա­նա­կին: Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, Սու­րիոյ բա­նա­կին շա­րու­նա­կա­կանու­թեան ա­պա­հո­վու­մը նաեւ կը յի­շեց­նէ, որ Ռու­սաս­տա­նի դե­րը ան­փո­խա­րի­նե­լի է, ո­րով­հե­տեւ Սու­րիոյ բա­նա­կին գե­րա­կա­յու­թիւ­նը եւ ամ­րու­թիւ­նը ձե­ւով մը շա­րու­նա­կու­թիւնն է խորհր­դա­յին հա­մա­կար­գի ու մտա­ծե­լա­կեր­պին:

Աս­կէ զատ զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով խօսուած է Շիի «Հիզ­պուլ­լահ»ի եւ սու­րիա­կան բա­նա­կին մի­ջեւ առ­կայ տա­րա­կար­ծու­թեանց մա­սին: Վէճե­րու առ­կա­յու­թիւ­նը ո­րոշ գա­ղա­փա­րա­կան տար­բե­րու­թեան ար­դիւնքն է՝ մա­նա­ւանդ, որ կրօ­նա­կան ըմբռ­նում­նե­րով ա­ռաջ­նորդուող «Հիզ­պուլ­լահ»ը շատ ալ չի գոր­ծեր սուրիա­կան բա­նա­կի մտայ­նու­թեամբ: Այդ տարբե­րու­թիւն­նե­րը կրնան սրիլ այն­քան ժա­մա­նակ, որ պա­տե­րազ­մը կ­­՚եր­կա­րի եւ երկ­րին մէջ կռուող եր­կու կող­մե­րէն իւ­րաք­ան­չիւ­րը կ՚ու­զէ իւ­րաց­նել տա­րուած յաղ­թա­նա­կը:

Այս բո­լոր խնդիր­նե­րուն կար­գա­ւոր­ման համար է, որ Փու­թին Թեհ­րան ժա­մա­նեց ու հա­կա­ռակ ա­նոր, որ ա­նոր այ­ցե­լու­թեան սկզբնա­կան ար­դիւնք­նե­րը ե­րե­ւան չեն ե­կած՝ պարզ ու յստակ է, որ ռուս ղե­կա­վա­րին համար ա­ռաջ­նա­յին նպա­տա­կը ե­ղած է կան­խել այն տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք կրնան ա­ճիլ հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ա­ռա­ջին քայ­լե­րուն հետ:

Զա­նա­զան վեր­լու­ծող­ներ ոչ միայն կա­րե­ւոր այլ նաեւ պատ­մա­կան հա­մա­րե­ցին Փու­թին-Խա­մա­նէյ հան­դի­պու­մը: Շեշ­տա­կիօ­րէն գա­ղա­փա­րա­կան հիմ­քով ե­ղած Ի­րա­նի հո­գե­ւոր առաջ­նոր­դին ը­րած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը կ՚ամ­րաց­նեն եր­կու կա­րե­ւոր ու­ժե­րուն խոր­քա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը: Այս­պէս, Փու­թի­նի հա­մար շատ ա­ւե­լի «հա­ճե­լի է» Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մա­սին ե­ղած վատ վե­րագ­րում­նե­րը լսել Ա­լի Խա­մա­նէ­յի բեր­­նէն՝ քան, թէ իր կող­մէ բար­ձրա­ձայնուած դի­տար­կում­նե­րը: Կայ նաեւ Սու­րիոյ տագ­նա­պին ա­ռըն­չուող եր­կիր­նե­րու խնդի­րը ու Փու­թին իր ը­րած այ­ցով մաս­նա­ւո­րա­պէս Րիա­տին, Ան­գա­րա­յին եւ Քա­թա­րին կ­­՚ու­զէ յի­շեց­նել, որ ի­րենց հա­մար դաշ­նա­կից­նե­րու հետ հար­ցեր քննար­կե­լու ե­րե­ւոյ­թը ըն­դու­նուած ձե­ւա­չափ է ի հե­ճուկս Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րուն, որ ա­նո­րո­շու­թեան գիր­կը նե­տած է իր կա­րե­ւո­րա­գոյն դաշ­նա­կից­նե­րը տա­րա­ծքաշր­ջա­նին մէջ: Այս բո­լո­րով հան­դերձ Ռու­սաս­տա­նի ու­նե­նա­լիք դե­րա­կա­տա­րու­թեան մա­սին մտա­ծում­նե­րով շատ ակ­նյայտ է, որ ան այս քայ­լին պի­տի չդի­մէր ա­ռանց ա­պա­հո­վե­լու ա­րեւ­մուտ­քի ամ­բող­ջա­կան նե­ցուկն ու հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը:

Գետ­նին վրայ ըն­թա­ցող ռու­սա­կան յա­ռաջխա­ղաց­քը կա­րե­ւոր ձե­ւով կ­­՚ամ­րագ­րէ ա­նոր դե­րին յա­տուկ եւ վճռո­րոշ ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը՝ հա­կա­ռակ ա­նոր, որ ռու­սա­կան շա­հե­րուն դէմ կա­տա­րուած եր­կու ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կում­նե­րը (Ե­գիպ­տոս եւ Սու­տան) եւ Փա­րի­զի մէջ ե­ղած ծան­րակ­շիռ ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը կը փոր­ձեն իր հու­նէն շե­ղեց­նել տաք ջու­րեր հա­սած հիւ­սի­սի մե­ծա­գոյն խա­ղա­ցո­ղը:

Բնա­կան է, որ Ա­րեւ­մուտ­քը ռու­սա­կան յաղ­թա­նակ­նե­րը հաշտ աչ­քով պի­տի չդի­տէ: Այսինքն Ա­րեւ­մուտ­քը պի­տի նա­խընտ­րէ ռու­սա­կան սահ­մա­նեալ դեր մը եւ պի­տի չու­զէ, որ Մոս­կուա Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի կար­գա­ւոր­ման ընդ­հա­նուր թղթած­րա­րը իր ձեռ­քին մէջ պա­հէ:

Ինչ կը վե­րա­բե­րի Թուր­քիոյ կող­մէ վար առ­նուած ռու­սա­կան SU-24-ի պա­տա­հա­րին՝ ե­րեւե­լի է, որ այդ դէպ­քը կրնայ նոր ճա­նա­պարհներ բա­նալ Մոս­կուա­յի եւ Ան­գա­րա­յի հա­մար. ճա­նա­պարհ­ներ, ո­րոնք ի­րենց յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զէ­րօ կէտ հաս­նե­լէն ետք վստա­հա­բար պի­տի խոր­հին միաս­նա­բար սու­րիա­կան թնճու­կին հա­մար կա­րե­ւոր լու­ծում­ներ ո­րո­նել:

Սխալ է այն են­թադ­րու­թիւ­նը, որ Թուր­քիա եւ Ռու­սաս­տան կրնան հա­մատա­րած բա­խում­նե­րու եր­թալ բայց սպա­սե­լի է, որ առ­կայ ան­հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը, որ ա­ճե­ցաւ Է­սա­տի ճա­կա­տագ­րին շուրջ եր­կու կող­մե­րուն ու­նե­ցած տար­բեր դիր­քո­րո­շում­նե­րուն պատ­ճա­ռով, կրնայ իր զի­նուո­րա­կան անդ­րա­դար­ձը ու­նե­նալ Սու­րիոյ հո­ղե­րուն վրայ:

Միով բա­նիւ յստակ է, որ Թեհ­րա­նի մէջ կա­տա­րուած վե­րա­նո­րոգ­չա­կան հա­մա­ձայ­նու­թեան ընդ­հա­նուր հու­նէն ետք Մոս­կուա քա­ղա­քա­կան նոր ա­ռա­ջադ­րանք­ներ ու­նի: Այս խօս­քին լա­ւա­գոյն ցու­ցա­նի­շն է Փու­թի­նի դէ­պի Ամ­ման տուած այ­ցը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Թեհ­րա­նի շփում­նե­րէն օ­րեր անց:

Ռու­սաս­տա­նի թիւ մէկ պա­տաս­խա­նա­տուն կը պատ­րաս­տուի ճեղ­քել սիւն­նի կարծր կե­ցուածք­նե­րու «պատ»ը եւ այդ ա­ռու­մով յա­ռաջ եր­թա­լու լա­ւա­գոյն մի­ջոց­նե­րէն մին Յոր­դա­նա­նի Ապ­տուլ­լահ Բ. թա­գա­ւո­րին հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւնն է: Ամ­մա­նի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ Սու­րիոյ մէջ կռուող եւ այդ կող­մէն նե­ցուկ ստա­ցող ա­հա­բե­կիչ­նե­րը խեղ­դել ի­րենց սաղ­մին մէջ: Ու այդ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ կա­րե­ւոր պատ­գամ­ներ պի­տի յղուին Րիա­տին ու Քա­թա­րին: Թուր­քիա բա­ւա­կան կարծր ա­րար­քով մը հան­դէս ե­կաւ ու վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րուն զու­գա­հեռ եր­կու եր­կիր­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը մեծ վնաս­ներ կրնան կրել: Շա­հա­պաշտ քա­ղա­քա­կան ան­կիւ­նա­դարձ­ե­րով հա­րուստ այս ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին դժուար չէ, որ Ան­գա­րա եւ Մոս­կուա վե­րա­կար­գա­ւո­րեն ի­րենց կա­պե­րը՝ պայ­մա­նաւ, որ Ան­գա­րա պատ­րաստ ըլ­լայ կար­դալ Մոս­կուա­յի պատ­րաս­տած ընդ­հա­նուր թղթած­րա­րին օ­րա­կար­գը:

Վե­րա­դառ­նա­լով Փու­թի­նի Թեհ­րան տուած այ­ցին ու բա­ցատ­րե­լով ընդ­հա­նուր դրու­թիւ­նը՝ պարզ կը դառ­նայ, որ Մոս­կուա Թեհ­րա­նը գո­հաց­նե­լու մեծ ճի­գի մը մէջ է, ո­րով­հե­տեւ սու­րիա­կան գե­տի­նը, Դա­մաս­կո­սէն Հա­լէպ ու Լա­թա­քիա, ոչ միայն ռու­սա­կան խա­րիսխ­նե­րու ըն­դհանուր հսկո­ղու­թեան տակ է, այլ նաեւ Սու­րիոյ քա­ղա­քա­կան ճա­կա­տա­գի­րը կը գտնուի Քրեմ­լի­նի բա­նա­լի­նե­րուն տէր Վլա­տի­միր Փու­թի­նի ձեռ­քը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Շաբաթ, Նոյեմբեր 28, 2015