Հայաստանի Ազգային ՀաւաքականԻՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
ՖԻՖԱ-ին կողմէ հրապարակուած աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերու նոր դասաւորման մէջ Հայաստանի ազգային հաւաքականը մեծ ոստում մը արձանագրելով (38 դիրքի) բարձրացաւ 87-րդ դիրք:
Նախորդ դասաւորումին հրապարակումէն ետք, Արթուր Պետրոսեանի գլխաւորած խումբը կատարեց մէկ մրցում եւ 2018-ի համաշխարհային ֆութպոլի ախոյենութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ յաղթեց Մոնթենեկրոյին (3-2), որ չկրցաւ պահել իր ունեցած երկու կոլի առաւելութիւնը:
Առաջին դիրքին վրայ է Արժանթին: Պրազիլ բարձրացաւ երկրորդ դիրք, մինչ լաւագոյն եռեակը կ՚ամբողջացնէ Գերմանիա:
2018-ի համաշխարհային ֆութպոլի ախոյենութեան զտումի մրցաշարքին գծով Հայաստանի խմբակին մաս կազմող խումբերը կը գրաւեն հետեւեալ դիրքերը. Լեհաստան՝ 15-րդ, Ռումանիա՝ 39-րդ, Դանիա՝ 46-րդ, Մոնթենեկրօ՝ 63-րդ, իսկ Ղազախիստան՝ 94-րդ:
Թուրքիա կը գրաւէ 24-րդ դիրքը, իսկ Աիրպէյճան՝ 90-րդ:
Բաց աստի, Հայաստանի կազմը 2018-ի համաշխարհային ֆութպոլի ախոյենութեան զտումի իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ յառաջիկայ տարի՝ 2017 թուականի Մարտի 26-ին, Երեւանի մէջ, հիւրընկալելով Ղազախիստանը: