ՅՍՏԱԿ ԵՒ ԻՐԱՏԵՍ

Ե­րե­ւա­նի մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Հանրա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան (ՀՀԿ) 16-րդ հա­մա­գու­մա­րը։ Այս առ­թիւ ծա­ւա­լուն ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վա­րը՝ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան, որ անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան։ «Քա­նի տա­կա­ւին ա­նո­րո­շու­թեան մատ­նուած է Ար­ցա­խի կար­գա­վի­ճա­կը, ո­րե­ւէ այլ հարց լու­ծում չի կրնար գտնել», ը­սաւ Սարգ­սեան։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Սերժ Սարգ­սեան նշեց, որ Ատր­պէյ­ճան կը շա­րու­նա­կէ յո­խոր­տալ, թէ պի­տի փոր­ձէ ու­ժի եւ բռնու­թեան կի­րառ­մամբ պար­տադ­րել իր կամ­քը։ Ան­ցեալ Ապ­րի­լին Ատր­պէյ­ճան լայ­նա­ծա­ւալ յար­ձա­կում մը կա­տա­րեց Ար­ցա­խի վրայ՝ պա­տե­րազ­մի յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լով խա­ղաղ բնակ­չու­թեան ու ռազ­մա­գե­րի­նե­րուն դէմ։ Ատր­պէյ­ճա­նի այդ բռնու­թիւ­նը լուրջ հա­րուած մը հաս­ցու­ցած է բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին։ Այժմ հիմ­նա-խընդ­րի կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ ջան­քե­րը բաժ­նուած են Ապ­րի­լի նա­խոր­դած եւ յա­ջոր­դած փու­լե­րուն։ «Մեր դիր­քո­րո­շու­մը կը շա­րու­նա­կէ մնալ նոյ­նը։ Հա­յաս­տանն ու Ար­ցա­խը ո­րե­ւէ պատ­ճառ չու­նին պա­տե­րազ­մի սկսե­լու հա­մար։ Սա է մեր Ատր­պէյ­ճա­նի մօ­տե­ցում­նե­րուն ա­մե­նաէա­կան տար­բե­րու­թիւ­նը։ Հա­մո­զուած եմ, Ար­ցա­խի հար­ցը կրնայ լու­ծուիլ միայն խա­ղաղ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ճա­նա­պար­հով։ Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ է, որ կող­մե­րը բա­նակ­ցին բա­րեխղ­ճօ­րէն, սա­կայն ոչ պա­կաս կա­րե­ւոր է, որ կող­մե­րը նաեւ յստակ եւ ի­րա­տես գնա­հա­տեն ու­ժե­րու ներ­կայ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը», ը­սաւ Սերժ Սարգ­սեան եւ ա­ւել­ցուց, որ Ապ­րի­լի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը ա­պա­ցու­ցա­նե­ցին, թէ Պա­քուի մէջ ի­րա­տե­սու­թեան վե­րա­բե­րեալ կան լուրջ խնդիր­ներ։ Սա ակն­յայտ է ի­րենց իսկ հռե­տո­րա­բա­նու­թե­նէն։

Ըստ Սերժ Սարգ­սեա­նի, փաս­տը այն է, որ հայ­կա­կան բա­նա­կը լու­ծած է իր առ­ջեւ դրուած ռազ­մա­կան խնդի­րը՝ ըլ­լա­լով պաշտ­պա­նուող կողմ։ Ատր­պէյ­ճան, յան­կար­ծա­կի նա­խա­յար­ձակ ըլ­լա­լով, իր ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան խնդիր­նե­րը չէ կրցած լու­ծել։ Ան շա­րու­նա­կեց. «Մեր դիր­քո­րո­շու­մը ան­փո­փոխ է. Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախն­դի­րը կրնայ լու­ծուիլ միայն Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ա­զատ ինք­նո­րոշ­մամբ։ Մնա­ցեալ հար­ցե­րը ա­ծան­ցեալ են, պի­տի գտնեն ի­րենց տրա­մա­բա­նա­կան ու ար­դար լու­ծու­մը՝ խնդրի կար­գա­ւոր­ման զու­գա­հեռ։ Քա­նի տա­կա­ւին այս հիմ­նա­կան խնդի­րը կայ, քա­նի տա­կա­ւին ա­նո­րո­շու­թեան մատնուած է Ար­ցա­խի կար­գա­վի­ճա­կը, ո­րե­ւէ այլ հարց լու­ծում չի կրնար գտնել։ Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը շատ կը սի­րէ ը­նել բա­ռա­յին աճ­պա­րա­րու­թիւն. խօ­սիլ այն մա­սին, թէ հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րը զին­քը կը ստի­պեն ճանչ­նալ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ան­կա­խու­թիւ­նը, մէկ ալ, նոյն­պի­սի ա­ռո­գա­նու­թեամբ, պնդել, թէ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը լիո­վին կը բաժ­նէ ի­րենց դիր­քո­րո­շու­մը»։­

Իր խօս­քին տե­ւո­ղու­թեան ան այս կէ­տին վրայ նկա­տեց շատ տա­րօ­րի­նակ հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թիւն մը։ Հա­յկա­կան կող­մը յստակ կը գնա­հա­տէ տա­րած­քաշր­ջա­նի ու­ժե­րու հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը։ «Մենք Պա­քուն գրա­ւե­լու եւ քա­փի­թիւ­լա­սիո­նի են­թար­կե­լու ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան խնդիր չենք հե­տապն­դեր։ Սա­կայն նաեւ շատ լաւ կը գնա­հա­տենք, թէ ինչ տե­սա­կի ան­դառ­նա­լի կո­րուստ կրնանք հասց­նել հա­կա­ռա­կոր­դին։ Կը կար­ծեմ, ա­ւե­լի ման­րա­մաս­նե­լու կա­րի­քը չկայ։ Մենք պի­տի չմտնենք սպա­ռա­զի­նու­թիւն­նե­րու մրցա­վազ­քի մէջ, այս­տեղ ո­րե­ւէ ի­մաստ չենք տես­ներ։ Ա­սոր փո­խա­րէն մենք լաւ կը պատ­կե­րաց­նենք մեր զի­նեալ ու­ժե­րուն առ­ջեւ դրուած խնդիր­նե­րը։ Մեր մի­ջոց­նե­րը լիո­վին բա­ւա­րար են այդ խնդիր­նե­րը լու­ծե­լու հա­մար։ Ո­րե­ւէ զէնք եւ սպա­ռա­զի­նու­թիւն ինք­նին չի կրնար լու­ծել մար­տա­կան գոր­ծո­ղու­թեան ար­դիւն­քը։ Մար­դը՝ զի­նուո­րը տա­կա­ւին կը մնայ զի­նեալ ու­ժե­րու ա­ռանց­քա­յին միա­ւո­րը», մատ­նան­շեց Նախագահ Սերժ Սարգ­սեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ հայ­կա­կան զի­նեալ ու­ժե­րու ար­դիա­կա­նաց­ման հա­մար ո­րե­ւէ մի­ջոց պի­տի չխնա­յուի։ 

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2016