ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Լոնտոն կատարած պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Անգլիոյ Վարչապետ Թերեզա Մէյի հետ։ Առանձնազրոյցի սկիզբին երկու վարչապետները ողջոյնի խօսքեր փոխանակեցին զան-գուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն առջեւ։ Պինալի Եըլտըրըմ այս փուլին յիշեցուց, որ տարեմուտին Թերեզա Մէյ այցելած էր Թուրքիա եւ այդ այցելութիւնը հնարաւորութիւններ ընձեռած է նոր համագործակցութիւններու եւ ներդրումներու համար՝ մանաւանդ պաշտպանութեան արդիւնաբերութեան գետնի վրայ։ Իր կարգին, Թերեզա Մէյն ալ ընդգծեց, որ Անգլիոյ տեսակէտէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կը ներկայացնեն մեծ կարեւորութիւն։ «Համաշխարհային զանազան խնդիրներու պարագային կ՚աշխատինք իրարու հետ, ահաբեկչութեան դէմ միասնաբար կը պայքարինք։ Բաց աստի, մեր առեւտուրի ծաւալը կը հասնի 15 միլիառ սթերլինի։ Ուրախութեամբ կը դիտարկեմ՝ Թուրքիա կատարած իմ այցելութենէս ի վեր մեր յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած զարգացումը», ըսաւ Թերեզա Մէյ։

Լոնտոնի մէջ ունեցած յայտարարութիւններուն մէջ ալ Պինալի Եըլտըրըմ անդրադարձաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփի վերջին խոստումին, ըստ որու ԱՄՆ այլեւս զէնք ու զինամթերք պիտի չմատակարարէ ԵՓԿ-ին։ «Սա ժամանակաւոր յարաբերութիւն մըն էր եւ հիմա ատենը հասած է այդ յարաբերութիւնը վերջացնելու համար, որովհետեւ ԻՇԻՊ («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) այլեւս պարտուած է», ըսաւ Պինալի Եըլտըրըմ։

Լոնտոնի մէջ վարչապետը յայտարարութիւններ ըրաւ BBC-ին։ Այդ հարցազրոյցին մէջ վարչապետը կանգ առաւ Սոչիի մէջ վերջերս տեղի ունեցած եռակողմանի գագաթաժողովին վրայ՝ Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի նախագահներու մասնակցութեամբ։ Սուրիոյ ճգնաժամի յաղթահարման ուղղեալ նոր ծրագրին վերաբերեալ մանրամասնութիւններ հաղորդեց վարչապետը։ Հաղորդավարը մատնանշեց, որ այդ ծրագիրը կը նախատեսէ Պեշար Էսատի իշխանութեան գլուխ մնալուն եւ արդեօք թրքական կողմի աջակցութիւնը պայմանաւորուած է Սուրիոյ մէջ քիւրտերու կողմ չըլլալո՞վ։ Ի պատասխան՝ Եըլտըրըմ ըսաւ հետեւեալը. «Մեր դիրքորոշումը շատ յստակ է։ Ահաբեկչական գործունէութեան մասնակցած որեւէ խմբաւորում չի կրնար մասնակցիլ այս տեսակցութիւններուն»։

Հարցազրոյցի ընթացքին Պինալի Եըլտըրըմի նկատառման յանձնուեցան այն քննադատութիւնները, որոնք օրակարգի վրայ կու գան ձախող զինեալ յեղաշրջման յաջորդած գործողութիւններուն բերումով։ Վարչապետը ի պատասխան յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ կայ օրէնքի գերակայութիւն եւ ոեւէ անձ չի ձերբակալուիր առանց ապացոյցի։ «Հապա՞ եթէ դուք ապրած ըլլայիք յեղաշրջման փորձ մը։ Հապա՞ եթէ ռմբակոծուած ըլլար Պաքինկամի պալատը։ Եթէ այդպիսի բան մը ապրած ըլլայիք, այդ պարագային մեզի պիտի հասկնայիք։ Ես կը փափաքիմ, որ մեր բարեկամները ինքզինքնին դնեն մեր տեղը», ըսաւ վարչապետը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2017