ՍԱՄՈՒԷԼ ՊԱՊԱՅԵԱՆ ՎԵՑ ՏԱՐՈՒԱՆ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԱԾ

Արցախի հերոս ու նախկին պաշտպանութեան նախարար Սամուէլ Պապայեան դատապարտուեցաւ վեց տարուան բանտարկութեան։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, դատախազը իր պարագային եօթ տարուան ազատազրկում պահանջած էր եւ դատավարութեան աւարտին գրեթէ ամբողջութեամբ բաւարարուած եղաւ նախատեսուած պատիժը։

Սամուէլ Պապայեան միջոցէ մը ի վեր կը դատուէր զանազան մեղադրանքներով։ «Իկլա» անունով հանրային կարծիքի սեփականութիւնը դարձած էր իր գործը։ Ան կը մեղադրուէր «Իկլա» տեսակի զենիթահրթիռային համալիր ձեռք բերելու եւ գումարներ լուալու մէջ։ Մասնաւորապէս ան փորձած է ապօրինի ճանապարհով Ռուսաստանէն ստացուած՝ օրինական շրջանառութենէ դուրս եկած ու յատուկ նիւթով մը ներկուած եւրօ թղթադրամները քիմիական մաքրութեան ենթարկել՝ յետագային անոնք Հայաստանի մէջ շրջանառութեան մէջ դնելու նպատակով։

Նոյն գործով Սամուէլ Պապայեանի մեղսակիցներն ալ դատապարտուեցան բանտարկութեան՝ երեք տարիէ սկսեալ ժամկէտով։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2017