ՊԵՐԼԻՆԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ձեռնարկեց դէպի Պերլին պաշտօնական այցելութեան՝ Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէրի հրաւէրին ընդառաջ։ Պերլինի օդակայանին մէջ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ դիմաւորուելէ վերջ, Արմէն Սարգսեան առաջնորդուեցաւ Պելվիւ ամրոցը, որ Գերմանիոյ հանրապետութեան նախագահին նստավայրն է։ Այստեղ Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէր պաշտօնական զինուորական դիմաւորման արարողութիւն մը կազմակերպած էր Արմէն Սարգսեանի համար։ Այս արարողութենէն վերջ տեղի ունեցաւ Սարգսեանի եւ Շթայնմայէրի առանձնազրոյցը, որուն յաջորդեց ընդլայնուած կազմով հանդիպումը՝ պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան այս առթիւ ուրախութիւն յայտնեց պաշտօնական այցելութիւնով Գերմանիոյ մէջ գտնուելու կապակցութեամբ եւ ըսաւ. «Ուրախ եմ հիւրընկալուելով բարեկամ Գերմանիոյ մէջ, իմ առաջին պաշտօնական այցելութեան շրջանակներէն ներս։ Գերմանիա Հայաստանի բարեկամն է, առաջին տնտեսական գործընկերը, Հայաստան-Եւրոմիութիւն օրակարգի գործօն աջակիցը։ Գերմանիա մեզի համար հետաքրքրական է նաեւ որպէս խորհրդարանական կառավարման մոտել ունեցող պետութիւն եւ մեզի համար խորհրդարանական ժողովրդավութեան գերմանական փորձառութիւնը չափազանց կարեւոր եւ ուսանելի կրնայ ըլլալ»։

 Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէրը հրաւիրեց պաշտօնական այց մը կատարել Հայաստնան եւ գերմանացի ղեկավարը այդ հրաւէրը ընդունեց։

Միւս կողմէ, Պերլինի մէջ, Արմէն Սարգսեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Միւնիխի Անվտանգութեան միջազգային համաժողովին կողմէ կազմակերպուած քննարկման մը։ Հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան համաժողովի նախագահ Վոլֆկանկ Իշինկէր, Գերմանիոյ Արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններու ներկայացուցիչներ, Պունտեսթակէն եւ Եւրոխորհրդարանէն պատգամաւորներ, անվտանգութեան հարցերով հեղինակաւոր մասնագէտներ, հետախուզական կեդրոններու ղեկավարներ։ Այս հանդիպման ընթացքին քննարկումներ ծաւալուեցան համաշխարհային անվտանգութեան, աշխարհի մէջ տեղի ունեցող սրընթաց փոփոխութիւններու, առկայ մարտահրաւէրներու եւ սպառնալիքներու, անոնց դիմակայելու հնարաւորութիւններուն շուրջ։

Նախագահ Արմէն Սարգսեան մասնաւորապէս նշեց, որ Հայաստան բաց է համագործակցութեան համար եւ պատրաստ է դառնալ զանազան քննարկումներու հարթակ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2018