ՎՃՌԱԿԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կը պատրաստուի մեկնիլ Հարաւային Ամերիկա։ Ամսավերջին Արժանթինի մէջ նախատեսուած է Մեծն քսանեակի («G20») հերթական գագաթաժողովը։ Էրտողան «G20»ի աշխատանքներուն մասնակցելու առընթեր մասնակից ղեկավարներուն հետ պիտի ունենայ նաեւ հանդիպումներ։ Ուաշինկթընի աղբիւրները հաղորդեցին նաեւ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը նախատեսէ Արժանթինի գագաթաժողովի ծիրէն ներս հանդիպում մը ունենալ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հետ։ Ամերիկեան կողմի հաղորդումներով, Տանըլտ Թրամփ մտադիր է Էրտողանի հետ արծարծել սէուտցի լրագրող Քաշըքճըի սպանութեան դէպքին վերաբերեալ մանրամասնութիւններ։ Այլ տուեալներ չեն հաղորդուած Թրամփի եւ Էրտողանի միջեւ ակնկալուած այս հանդիպման կապակցութեամբ։ Յամենայնդէպս, ակնյայտ է, որ Անգարա-Ուաշինկթըն օրակարգը բաւական ծանրաբեռնուած է եւ այդ ամբողջին մէջ ներկայիս առաջնահերթութիւն կը վայելէ Սուրիոյ իրադրութիւնը՝ մանաւանդ, որ Թուրքիա կ՚անհանգստանայ Սուրիայէ ներս ԵՓԿ-ի ի նպաստ ԱՄՆ-ի կողմէ ցուցաբերուած խրախուսանքէն։

Միւս կողմէ, նախագահ Էրտողան երէկ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ գլխաւորեց Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ժողովը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Պեշթեփէի համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ այս ժողովը, որ տեւեց մօտաւորապէս հինգ ժամ։ Ժողովի աւարտին հրապարակուած զեկոյցին մէջ շեշտուեցաւ, որ Թուրքիա բացարձակապէս աչք պիտի չփակէ Սուրիայէ ներս որեւէ կատարուած իրողութեան։

Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի զեկոյցին մէջ յիշեցուեցաւ, որ Թուրքիա ի սկզբանէ կողմնակից եղած է Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան ու քաղաքական միութեան։ Այս հիման վրայ Թուրքիա ջանքեր գործադրած է այդ երկրէն ներս խաղաղութեան վերահաստատման համար։ Սուրիոյ տագնապի պարագային քաղաքական լուծումի մը առջեւ ամենամեծ սպառնալիքը կը համարուի Եփրատի արեւելքին առկայ ահաբեկչական խմորումը։ Այս ամբողջին մէջ շեշտուեցաւ, որ Սուրիայէ ներս Թուրքիա աչք պիտի չփակէ որեւէ կատարուած իրողութեան եւ պիտի օգտագործէ իր ինքնապաշտպանութեան օրինական իրաւունքը։

Զեկոյցին մէջ շեշտուեցաւ նաեւ, որ Սուրիայէ եւ Իրաքէ ներս տեղակայուած ահաբեկչական լծակները երկրի հարաւային սահմաններու երկայնքով սպառնալիք մը կը հանդիսանան եւ անխափան ու վճռակամ պայքար կը շարունակուի անոնց դէմ՝ քաղաքացիներու կեանքի եւ գոյքի անվտանգութեան երաշխաւորման համար։

Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի երէկուան ժողովէն վերջ հրապարակուած զեկոյցին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Եգէականէ եւ արեւմտեան Միջերկրականէ ներս Թուրքիոյ իրաւունքներուն։ Շեշտուեցաւ, որ տարածքաշրջանէ ներս միակողմանի եւ միջազգային իրաւունքի անյարիր նախաձեռնութիւնները չեն նպաստեր տարածքաշրջանի եւ աշխարհի խաղաղութեան։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2018