ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾՕՆՆԵՐ

Կը տեղեկանանք, որ «Լիպրա» գրատուն-հրատարակչատունը կը պատրաստուի 2020 թուականի տարեմուտին գրասէրներու տրամադրութեան տակ դնել գիրք մը, որու բովանդակութիւնը ուղղակիօրէն կը վերաբերի մեր համայնքին։ Թրքերէն այս գիրքը կը կոչուի՝ «Որոնումներու մէջ սերունդ մը. մերօրեայ Իսթանպուլի մէջ հայկական լիսէէ շրջանաւարտ երիտասարդներ» (Arayış İçinde Bir Kuşak: Günümüz İstanbul’unda Ermeni Lisesi Mezunu Gençler)։ Այս գիրքը պատրաստուած է Հաքան Եիւճելի եւ Ումուր Ետիքարտէշի ուսումնասիրութիւններու հիման վրայ։

2016-2017 շրջանին Իսթանպուլի մէջ տեսակցութիւններ տեղի ունեցած են 18-30 տարեկան այնպիսի երիտասարդներու հետ, որոնք ուսանած են հայկական վարժարաններու մէջ եւ մեծցած՝ քաղաքի հայաբնակ թաղամասերէն ներս։ Այդ երիտասարդները հասակ առած են՝ հայկական հաւաքականութեան ինքնութեան հետամուտ առաջնորդող կերպարներու հետեւելով։ Անոնք, միեւնոյն ժամանակ, վկայութիւն բերած են շարք մը կարեւոր իրադարձութիւններու, որոնք ուղղակիօրէն կրնան պայմանաւորել իրենց ինքնութիւնը։ Հեղինակները գիրքը պատրաստած են այդ տեսակցութիւններու հիման վրայ ու շեշտած են, որ խօսքը կը թողուն քաղաքի երիտասարդներուն։

Շուտով լոյս տեսնելիք այս գիրքի կողքի ձեւաւորումը կատարուած է Ճեւտէտ Մեհմէտ Քէօսէմէնի կողմէ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2019