ԻՐԵՐԱՅԱՋՈՐԴ ՀԱՒԱՔՆԵՐ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի մէջ հանդիպեցաւ ժողովուրդի հետ։ «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցած երեկոյթը առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ նորին սրբազնութիւնը կը շարունակէ մասնակցիլ իրերայաջորդ հաւաքներու։

Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի գլխաւորած նարնջագոյն ցուցակին կողմէ առաջադրուած պատգամաւորի թեկնածուներու առընթեր երեկոյթին մասնակցեցան իր համախոհներն ու համակիրները։ Զրոյցը վարեցին Քրիստին Տինչքայըքճը եւ Խաչիկ Ճանէլ։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երեկոյթի ընթացքին անդրադարձաւ համայնքային հրատապ օրակարգին վերաբերեալ զանազան նիւթերու եւ մանրամասն պատասխաններ տուաւ իրեն ուղղուած հարցումներուն։

Ասուլիսի աւարտին, արձակման փուլին ալ նորին սրբազնութիւնը ջերմօրէն շրջապատուեցաւ ներկաներուն կողմէ, որոնց հետ զրոյցը շարունակուեցաւ անմիջական ձեւաչափի մը մէջ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2019