ՊԻՇԿԷՔԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու, պաշտպանութեան նախարարներու եւ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարներու համատեղ ժողովը երէկ տեղի ունեցաւ Պիշկէքի մէջ, ուր այսօր ալ նախատեսուած է կազմակերպութեան գագաթաժողովը։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առթիւ կ՚այցելէ Պիշկէք։ Իսկ երէկուան ժողովին մասնակցեցան Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան, Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան եւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան։

Հաւաքի ընթացքին Զօհրապ Մնացականեան անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան ներկայացուց հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ վերջին զարգացումները։ Մնացականեան կարեւորեց միջազգային բոլոր հարթակներու վրայ ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին առընչութեամբ համաձայնեցուած մօտեցումներու պահպանումը։

Պիշկէքի մէջ Մնացականեան ընդգծեց խաղաղութեան համար բարենպաստ միջավայր ձեւաւորելու եւ ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու կարեւորութիւնը։ Ըստ իրեն, համապատասխան համաձայնութիւններու գոյութեան պայմաններուն ներքեւ առաւել քան արդիական կը մնայ ռազմատենչ եւ ատելութեան հռետորաբանութենէ, անվերահսկելի սպառազինութիւններու մրցավազքէ հրաժարելու անհրաժեշտութիւնը։ Մնացականեան շեշտեց նաեւ հակամարտութեան շփման գծին վրայ լարուածութեան թուլացման նպատակով յաւելեալ նախազգուշական միջոցներ ձեռք առնելու անհրաժեշտութիւնը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2019