ԼԸՄՈՒԱՆԻ ԱՅՑԸ

Ֆրանսայի կողմէ ձեռնարկուած մարդասիրական շարժումով Հայաստանի համար նախատեսուած լայնածաւալ օժանդակութեան ամբողջին մէջ, երէկ, երկրորդ օդանաւ մը վայրէջք կատարեց Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանը։ Այս օդանաւով Հայաստան հասան նաեւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան առընթեր Պետական քարտուղար Ժան-Պաթիստ Լըմուան եւ խումբ մը ֆրանսահայ գործիչներ։ Օդանաւը դիմաւորուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Աւետ Ադոնցի, Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոթի եւ այլ պաշտօնատարներու կողմէ։ Լըմուան աշխատանքային այցելութեան ընթացքին կը հիւրընկալուի Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։

Ֆրանսայի Ծերակոյտը նախընթաց օր հաւանութիւն տուած էր բանաձեւի մը, որով կառավարութեան խորհուրդ կը տրուի ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը։ Զուգահեռաբար՝ գործադիր իշխանութեան անունով Լըմուան յայտարարած էր, որ այդպիսի քայլ մը նպաստաւոր չ՚ըլլար որեւէ կողմի համար։ Ֆրանսական Ծերակոյտի որոշումը պատճառ դարձած էր Ատրպէյճանի բողոքին։ Պաքուի մէջ բարձրաձայնուած էին պահանջներ, ըստ որոնց Ֆրանսա պէտք է հեռացուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի կազմէն։ Ծերակոյտի որոշման լոյսին տակ, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ երէկ յայտարարեց, որ Փարիզ չի ճանչնար Արցախը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 28, 2020