ԽՐԱԽՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը պատրաստուի այցելել Մոսկուա։ Նախապատրաստական աշխատանքներուն համար իր աշխատակազմի արարողակարգի բաժնի պետը՝ Եդուարդ Յարութիւնեան նոր շաբթուան սկիզբին պիտի ուղեւորուի Ռուսաստանի մայրաքաղաքը։

Հայաստանի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի ծանր հետեւանքներով պայմանաւորուած քաղաքական լուրջ տագնապ մը ծնունդ առած է։ Ստեղծուած բարդ իրավիճակին մէջ յամառօրէն կը պահանջուի կառավարութեան հրաժարականը։ Իսկ վարչապետ Փաշինեան երէկ հեռուստաելոյթով մը հանդէս եկաւ՝ խօսք ուղղելով ժողովուրդին։ Այս ելոյթին մէջ ան պատասխանեց նաեւ այն շարք մը լուրջ քննադատութիւններուն, որոնք օրակարգի վրայ կը գտնուին։ Ըստ Փաշինեանի, պատերազմի ընթացքին ամբողջ ճշմարտութիւնը ըսուած է ժողովուրդին, սակայն, պատերազմի յատուկ կանոններով։ «Ես կը տեսնեմ ժողովուրդի վստահութիւնը եւ կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել այդ վստահութեան համար», ըսաւ վարչապետը։ Իր խօսքին մէջ ան անդրադարձաւ նաեւ Սոթքի ոսկիի հանքի խնդրին։ Այս կապակցութեամբ ան յիշեցուց նախկին Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանը, երբ հանքավայրին կէսը կը գտնուէր Խորհրդային Հայաստանի, իսկ միւս կէսն ալ Խորհրդային Ատրպէյճանի տարածքին մէջ։ Ան յայտնեց, որ սահմանազատման աշխատանքները պէտք է կատարուին ո՛չ միայն Ռուսաստանի կողմէ, այլ Ատրպէյճանն ալ պէտք է մասնակցի անոնց։

Ներկայ պահու դրութեամբ Նիկոլ Փաշինեան հրատապ համարեց Հայաստանի շուրջ եւ Հայաստանէ ներս անվտանգութեան ու կայունութեան ապահովուիլը։ Այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ քայլերէն մին է հրադադարի համաձայնութեան իրագործումը՝ որքան որ ալ այս բանը հաճելի չհնչէ։ Ըստ Փաշինեանի, անոնք, որոնք կը փորձեն երկրէն ներս քաոս սերմանել, իրականութեան մէջ, կ՚ուզեն պատերազմը Հայաստանէ ներս տեղափոխել։ Վարչապետը վստահեցուց, թէ անհրաժեշտ բոլոր քայլերը կը գործադրուին՝ այս դժուարին իրավիճակին մէջ Հայաստանի եւ Արցախի շահերը պաշտպանելու համար։ Ան քննադատեց նաեւ գործադրուած ջանքերը, որոնց նպատակն է տպաւորութիւն ստեղծել, թէ Հայաստանի մէջ անիշխանականութիւն կը տիրէ։ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ տարածքաշրջանի փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու վերաբացումը պիտի փոխէ ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ ամբողջ տարածքաշրջանի կերպարը։ Հուսկ, Փաշինեան կոչ ուղղեց, որպէսզի ժողովուրդը չտարուի անապագայութեան քարոզէն։

ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ

Միւս կողմէ, երէկ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի ժողովը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Նախագահ Վլատիմիր Փութինի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ նիստը, որու մասնակիցները քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղէ ներս Ռուսաստանի խաղաղապահ գործունէութիւնն ու մարդասիրական առաքելութիւնը։ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակի վերաբերեալ քննարկումներու ծիրէն ներս Վլատիմիր Փութին տեղեկութիւններ փոխանցեց Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցներուն շուրջ։ Հարկ է յիշեցնել, որ վերջին շրջանին Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի ժողովներուն ընթացքին միշտ օրակարգի վրայ կու գայ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը։

Իր կարգին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա կոչ ուղղեց, որպէսզի չքաղաքականացուին Լեռնային Ղարաբաղէ ներս ձեռնարկուած մարդասիրական գործողութիւնները։ Ըստ իրեն, Լեռնային Ղարաբաղէ ներս վարձկաններու ներկայութեան հարցը կը գտնուի Մոսկուայի մշտական վերահսկողութեան տակ։ Բաց աստի, Զախարովա ընդգծեց, որ ռուսական կողմը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցերով կապի մէջ է Թուրքիոյ հետ։ Մոսկուա-Անգարա համագործակցութիւնը յառաջ կը տարուի զանազան ուղղութիւններով։ Քաղաքական-դիւանագիտական յարաբերութիւններու առընթեր, շփումներ տեղի կ՚ունենան զինուորականներու միջեւ։ Ընդհանուր ընթացքը, անտարակոյս, կը սահմանուի երկու երկիրներու ղեկավարներու պարբերական քննարկումներով՝ տարածքաշրջանի իրավիճակին շուրջ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 28, 2020