ԱՐՄԷՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՓԱՐԻԶ ԵՒ ՊԵՐԼԻՆ

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան այսօր աշխատանքային ուղեւորութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Եւրոպա։ Ան իրերայաջորդ կ՚այցելէ Փարիզ եւ Պերլին։ Արմէն Գրիգորեան Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ ղեկավարութիւններէն դէմքերու հետ քննարկումներ կը վարէ՝ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու եւ տարածաշրջանի առկայ իրավիճակով պայմանաւորուած թէժ մթնոլորտին մէջ։

ՌԻՔԵՐԻ ԱՅՑԸ

Միւս կողմէ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ, Կովկասի հարցերով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Ռիքեր ներկայիս կ՚այցելէ Պաքու, ուր ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2022