ԻԼՀԱՄ ԱԼԻԵՒ ՋՆՋԵՑ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՀԵՏ ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները հետզհետէ կը մատնուին փակուղիի։ Հրադադարի խախտումներն ու սահմանի ոտնձգութիւնները մէկ կողմ, Պաքու կը սաստկացնէ իր խաղի պայմանները պարտադրելու ուղղեալ ճնշումները Երեւանի վրայ։ Կողմերու միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի պատրաստութեան ուղղեալ ջանքերն ալ, ըստ երեւոյթին, կայուն հունի մէջ չեն ընթանար։

Շաբաթավերջին յայտնի դարձաւ, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ մինչեւ տարեվերջ Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած հանդիպումը արդէն տեղի պիտի չունենայ։ Այդ տեսակցութիւնը դեկտեմբերի 7-ին ծրագրուած էր։

Երեւանի եւ Պաքուի պաշտօնական աղբիւրները այս երեւոյթը բացատրած են տարբեր ձեւով։ Ըստ հայկական կողմին, դեկտեմբերի 7-ին Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած հանդիպումը շարունակութիւնն էր անցեալ հոկտեմբերին Փրակի մէջ տեղի ունեցած քառակողմանի գագաթաժողովին, որուն Փաշինեանի եւ Ալիեւի առընթեր մասնակցած էին Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել։ Ուրեմն, հայկական կողմը յաջորդ հանդիպումը պատկերացուցած է այս նոյն ձեւաչափին մէջ։ Իսկ Պաքու այս փուլին ցանկալի չէ համարած Մաքրոնի մասնակցութիւնը եւ ստեղծուած տարակարծութիւններուն հետեւանքով Ալիեւ վերջնագրային ոճով մը ջնջած է ժամադրութիւնը։ Այս արմատական քայլը Ալիեւ առած է՝ Հարաւային Կովկասի գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի Պաքու կատարած այցելութենէն հազիւ քանի մը օր վերջ։

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան շաբաթավերջին տեղեկացուց նաեւ, որ խաղաղութեան պայմանագրին վերաբերեալ Երեւանի կողմէ ներկայացուած առաջարկներուն Պաքու տակաւին չէ պատասխանած։

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի անցեալ շաբթուան մէջ Երեւան կատարած այցելութեան արձագանգներն ալ կը շարունակուին։ Մոսկուա վերադարձին Փութին Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի ժողովին ընթացքին օրակարգի վրայ բերած է Նիկոլ Փաշինեանի հետ Երեւանի մէջ ունեցած հանդիպման արդիւնքները։ Բաց աստի, Վլատիմիր Փութին Երեւանէն հրաժեշտ առնելէ վերջ, շաբաթավերջին Ալիեւի հետ ունեցաւ հեռախօսազրոյց մը։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, անոնք քննարկեցին Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ գոյացած համաձայնութիւններու իրականացման քայլերը՝ կեդրոնանալով տարածաշրջանէն ներս փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակման վրայ։

Երեւանի իշխանութիւններէն բազմաթիւ դէմքեր այս շրջանին միջազգային զանազան ատեաններու մէջ գանգատ կը յայտնեն, որ Պաքու անկեղծօրէն չի բաժներ հայկական կողմին խաղաղութեան օրակարգը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2022