ՀԱՃԵԼԻ ՆՈՒԱԳԱՀԱՆԴԷՍ

Թեշվիքիյէի «Մետիքա» բժշկական կեդրոնէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ հաճելի երաժշտական ձեռնարկ մը։ Այս բժշկական կեդրոնը կը գործէ պատմական շէնքի մը մէջ եւ արձակուրդի օրով այնտեղ կազմակերպուած նուագահանդէսին մասնակցիլը իսկապէս մեծ հաճոյքի մը համազօր եղաւ ներկաներուն տեսակէտէ։

Ջութակահարուհի Պեսթէ Թըքնազ-Մոտիրի եւ դաշնակահարուհի Մելինա Սեճիկեան-Գույումճու գործադրեցին յաջող յայտագիր մը՝ արժանանալով բոլորի ծափողջոյններուն։

Հարկ է նշել, որ յայտագրին մաս կազմեցին նաեւ Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2022