ԱՊԱԳԱՅԻ ՀԱՄԱՐ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՏԵՍԼԱԿԱՆ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նորընտիր նախագահ Սեմ Սիմոնեան վերջերս այդ առաքելութիւնը ստանձնելէ վերջ իր առաջին ուղեւորութիւնը կատարեց՝ դէպի Հարաւային Ամերիկա։ Իննօրեայ այցելութիւն մըն էր այս մէկը, որու կանգառներն էին՝ Պուէնոս Այրէսը, Մոնթեվիտէոն եւ Սան Փաուլոն։ Հարաւային Ամերիկայի խոշոր ու հայաշատ այս քաղաքներուն մէջ Սեմ Սիմոնեան վերահաստատեց ՀԲԸՄ-ի համաշխարհային ցանցէն ներս մշակութային, կրթական եւ ընկերային զարգացման նախաձեռնութիւնները խթանելու ուղղեալ՝ կազմակերպութեան առաքելութիւնը։ Սեմ Սիմոնեան անցեալ հոկտեմբերին նախագահի պաշտօնը ստանձնելու ժամանակ, ՀԲԸՄ-ի 93-րդ ընդհանուր ժողովի օրերուն յայտարարած էր, որ տարուան մը ընթացքին պիտի այցելէր կառոյցի աշխարհատարած ճիւղերը։ Դէպի Հարաւային Ամերիկա իր ուղեւորութիւնը հանդիսացաւ այս շրջագայութեան առաջին փուլը։

Նիւ Եորք վերադարձին, ամփոփելով տպաւորութիւնները Սեմ Սիմոնեան ըսաւ. «Ակնյայտ է, որ ի՛նչ արդիւնքներու կարելի է հասնիլ, երբ լաւ գաղափարները յառաջ կը մղուին՝ պայծառ մտքի տէր եւ ապագայի պարագային ընդհանուր տեսլականով համակ-ւած մարդոց կողմէ»։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2024