ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐԺԱՌԻԹ
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան յայտարարեց, որ մշակութային արժէքներու իւրացումը կը շարունակէ լուրջ մտահոգութեան պատճառ դառնալ։ Իր խօսքով՝ այս հարցը առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Հայաստանի տեսակէտէ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Վահան Կոստանեան մասնակցեցաւ Փորթուգալի մէջ կազմակերպուած՝ ՄԱԿ-ի Քաղաքակրթութիւններու դաշինքի 10-րդ համաշխարհային ֆորումին, որու շրջանակներէն ներս ելոյթ մը ունեցաւ Բարեկամներու խումբի հանդիպման ժամանակ։ Փոխ-նախարարը վերահաստատեց Հայաստանի աշխոյժ ներգրաւուածութեան պատրաստակամութիւնը՝ ատելութեան խօսքի, ցեղային ու ազգային խտրականութեան եւ այլատեացութեան դէմ հակազդման ուղղեալ համատեղ ջանքերուն։
«Կանխարգելման օրակարգը կը շարունակէ մնալ Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններու շարքին։ Հայաստան ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի «Ցեղասպանութեան կանխարգելում» բանաձեւի հեղինակն է», ըսաւ Կոստանեան, որ մատնանշեց միջազգային դրութիւններու արդիւնաւէտութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը։
Փոխ-նախարարը ելոյթի տեւողութեան անդրադարձաւ նաեւ մշակութային ժառանգութեան վրայ յարձակումներու, ինչպէս նաեւ մշակութային արժէքներու ոչնչացման ու իւրացման. բան մը, որ բազմաթիւ տարածաշրջաններու մէջ կը պատահի՝ ներառեալ Հարաւային Կովկասը, ուր անոնք կը շարունակեն լուրջ մտահոգութեան պատճառ դառնալ։ Իր խօսքով՝ սա առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացէ Հայաստանի համար։
Խօսելով տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան ու կայունութեան ամրապնդման մասին՝ Վահան Կոստանեան նշեց, որ հակառակ առկայ բոլոր խոչընդոտներուն՝ Հայաստան դրական տրամադրուած է հարեւաններու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի առումով եւ անոնց կողմէ փոխադարձ շինիչ քայլեր կ՚ակնկալէ: