ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴԻ ՅԱՅՏՆԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏԱՂԱՒԱՐ

Քրիստոնեայ աշխարհը հետզհետէ կը համակուի Ս. Ծննդեան տօնի բարձր տրամադրութեամբ։ Եւրոպայի բազմաթիւ քաղաքներուն մէջ, ամէն տարի կը կազմակերպուին Ս. Ծննդեան տօնավաճառներ՝ որոնք միշտ կը համախմբեն հոծ թիւով մարդիկ։ Այդ նախաձեռնութիւնները թէ՛ պայմանաւորուած կ՚ըլլան տօնական մթնոլորտով եւ թէ, իրենց հերթին, կը պայմանաւորեն տօնական հրճուանք։ Ս. Ծնունդի տօնավաճառներով Եւրոպայի ամենայայտնի քաղաքներու շարքին են Սթրազպուրկը, Հայտելպերկը, Վիեննան եւ այլն։

Այս տարի Վիեննայի տօնավաճառին ներկայացուած են հայ վարպետներու ձեռագործ աշխատաքները։ Մօտաւոր անցեալին Հայաստան մասնաւոր տաղաւար մը ունեցած էր Սթրազպուրկի տօնավաճառին, իսկ այս տարի այս աւանդութիւնը կը շարունակուի Վիեննայով, ուր Շփիթելպերկի տօնավաճառին Հայաստան ունի առանձին տաղաւար մը։

Ըստ Փրակի «Օրեր» ամսագրի՝ այս տաղաւարէն ներս կը ներկայացուին 40 հայ վարպետներու ձեռագործ աշխատանքներ։ Այցելուներու տրամադրութեան տակ դրուած են գորգագործութեան, խեցեգործութեան, տիկնիկագործութեան զանազան նմոյշներ եւ այլ յուշանուէրներ, որոնք կ՚ամբողջացնեն հայկական ձեռագործ արուեստի լաւագոյն աւանդութիւնները։

Տօնավաճառի շրջանակներէն ներս, Հայաստանի տաղաւարի այցելուներուն համար կը կազմակերպուին նաեւ հայկական ժողովրդական արհեստագործութեան վարպետաց դասեր։

Շփիթելպերկի տօնավաճառը Վիեննայի ամենայայտնին է, որ Ս. Ծնունդի շրջանին կը կազմակերպուի 1970-ական թուականներէն ի վեր։ Աւստրիոյ մայրաքաղաքի համանուն պատմական թաղամասի փողոցներուն մէջ այս տօնավաճառը ամէն տարի հազարաւոր այցելուներու ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2024