ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐ
Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան վարչապետ Նեչիրվան Պարզանի շաբաթավերջին շփումներ ունեցաւ Թուրքիոյ մէջ։ Ան Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ՝ ընդունուելով Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի կողմէ։ Եըլտըզի պալատի համալիրէն ներս, Էրտողան «Մապէյն» ապարանքի երդիքին տակ զրուցեց հիւր վարչապետին հետ։ Իսկ Ահմէտ Տավուտօղլու Նեչիրվան Պարզանիին հետ տեսակցեցաւ վարչապետարանի Տոլմապահչէի գրասենեակին մէջ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նեչիրվան Պարզանիի շփումներուն ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ահաբեկչութեան դէմ պայքարը եւ կարծիքներ փոխանակցուեցան տարածքաշրջանային խնդիրներուն շուրջ։ Օրակարգի վրայ եկան նաեւ ուժանիւթի, տնտեսութեան եւ առեւտուրի բնագաւառներէն ներս համագործակցութեան վերաբերեալ նիւթեր։
Ըստ Անգարայի աղբիւրներուն, Նեչիրվան Պարզանի շնորհակալութիւն յայտնած է թրքական կողմին՝ տարածքաշրջանէն ներս ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ պայքարին շրջագծով շարունակական աջակցութեան համար, մասնաւորապէս «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» խմբաւորման դէմ։ Ըստ Պարզանիի, դաշտի վրայ առկայ իրողութիւններուն համապատասխան, ամուր զօրակցութեան տեւականացումը կ՚ակնկալեն Անգարայէն։ Իր կարգին, Ահմէտ Տավուտօղլու շեշտեց, որ Իրաքի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման, տարածքաշրջանէ ներս ահաբեկչական սպառնալիքին դէմ ազդու ձեւով, հասարակաց պայքարի մը նպատակով, միջազգային գործընկեր եւ դաշնակիցներուն հետ Թուրքիա պիտի տեւականացնէ իր վճռական աջակցութիւնը։ Տավուտօղլու աւելցուց, թէ Թուրքիա պիտի շարունակէ ամրապնդել իր համագործակցութիւնն ու համակարգուած քայլերը՝ Պաղտատի կեդրոնական ղեկավարութեան եւ Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան հետ։
Ինչպէս ծանօթ է, վերջին շրջանին Թուրքիոյ եւ Իրաքի միջեւ լարուածութիւն մը յառաջացաւ՝ Հիւսիսային Իրաքէ ներս տեղակայուած թուրք զինուորներուն բերումով։ Անոնք թէեւ մարզման նպատակով կը գտնուին այնտեղ, սակայն Պաղտատի վերապահութիւնը կը բիւրեղանայ Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ յառաջացած ճգնաժամով։
ԷՐՏՈՂԱՆ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՌԻԱՏ
Միւս կողմէ, Սէուտական Արաբիոյ Սելման Պին Ապտիւլազիզ Էլ Սուուտի հրաւէրին ընդառաջ Էրտողան վաղը երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ դէպի Ռիատ։