ՃԻԶՐԷԻ ՄԷՋ ԵՐԵՔ ՆԱՀԱՏԱԿ
Թուրքիա կը շարունակէ բուռն պայքար մը մղել ահաբեկչութեան դէմ։ Այս մթնոլորտին մէջ երէկ նահատակներու վերաբերեալ նոր լուրեր հասան Շըրնաքի Ճիզրէ գաւառակէն։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները հաղորդեցին, թէ տեղւոյն Նուր թաղամասէն ներս գործողութիւնները կը շարունակուին անջատողական ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ։ Այդ իրավիճակին մէջ, ժամը 14.40-ին զրահապատ զինուորական ինքնաշարժ մը ենթարկուեցաւ յարձակման։ Ինքնաշարժի անցած ճանապարհին վրայ նախապէս զետեղուած ռումբը պայթեցուեցաւ ահաբեկիչներուն կողմէ։
Այս դէպքին հետեւանքով երեք զինուոր նահատակուեցաւ։ Զինուոր մը եւ ոստիկան մըն ալ վիրաւորուեցան։ Բարեբախտաբար վիրաւորեալներու կեանքին վտանգ չի սպառնար։
Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ Իսթանպուլի մէջ ունեցան հանդիպում մը, որ տեւեց շուրջ երկու ժամ։ Պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ տեսակցութեան ընթացքին անոնք անդրադարձած են նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին։