«ՄՈՍԿՈՒԱ Կ՚ԸՆԷ ԻՐՄԷ ԿԱԽԵԱԼ ԱՄԷՆ ԻՆՉ՝ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԻՄՆԱԽՆԴՐԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՀԱՄԱՐ»

Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Մա­րիա Զա­խա­րո­վա յայ­տա­րա­րեց, որ Մոս­կուա իր­մէ կա­խեալ ա­մէն ինչ կ՚ը­նէ՝ որ­պէս­զի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը չդադ­րի։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, լրագ­րող­նե­րու հետ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին ան ը­սաւ. «Ռու­սաս­տան կը զբա­ղի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման հար­ցով՝ որ­պէս ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ։ Մեզ­մէ կա­խեալ ա­մէն ինչ կը կա­տա­րուի, որ­պէս­զի կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը չդադ­րի, այլ ընդ­հա­կա­ռակն՝ խտա­նայ։ Ինչ կը վե­րա­բե­րի հան­դի­պում­նե­րու յստակ ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցին, այդ մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը պի­տի տրա­մադ­րուին, երբ որ ըլ­լան»։

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախն­դի­րը տեղ գտաւ նաեւ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ՝ 2016 թուա­կա­նի ամ­փոփ­ման հա­մար հրա­պա­րա­կուած զե­կոյ­ցին մէջ։ Ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րին ա­ռըն­թեր այս փաս­տա­թուղ­թին մէջ անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տան-Ռու­սաս­տան երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն։ 2016-ի ամ­փո­փիչ փաս­տա­թուղ­թին մէջ նշուած է հե­տե­ւեա­լը.

«Ռու­սաս­տա­նի աշ­խոյժ քայ­լե­րուն շնոր­հիւ Մոս­կուա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Ռու­սաս­տա­նի, Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ­նե­րու հան­դիպ­մամբ հնա­րա­ւոր ե­ղած է հաս­նիլ 2016 թուա­կա­նի Ապ­րի­լին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ բռնկած լայ­նա­ծա­ւալ զի­նեալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու դադ­րեց­ման։ Ջան­քեր գոր­ծադ­րուած են ի­րա­վի­ճա­կի լա­րուա­ծու­թեան թու­լաց­ման եւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու շա­րու­նակ­ման ուղ­ղու­թեամբ՝ Մա­յի­սին Վիեն­նա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցած հայ-ա­զէ­րի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի ե­ռա­կող­մա­նի հան­դիպ­ման շրջա­նակ­նե­րէն ներս»։

­Հա­յաս­տա­նի հետ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու շուրջ շեշ­տուած է, որ Ռու­սաս­տան ա­ւան­դա­բար ու­նի բարձր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մա­կար­դակ եւ այդ մէ­կը կ՚ա­ռըն­չուի հար­ցե­րու լայն շրջա­նա­կի մը՝ թէ՛ երկ­կող­մա­նի եւ թէ բազ­մա­կող­մա­նի հար­թու­թիւն­նե­րու վրայ։

Փաս­տա­թուղ­թին մէջ անդ­րա­դարձ կա­տա­ր-ւած է նաեւ ՀԱՊԿ-ի շրջա­նակ­նե­րէն ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ընդ­լայն­ման։ Այս ամ­բող­ջին մէջ որ­պէս օ­րի­նակ մաս­նա­ւո­րա­պէս ընդ-գը­ծւած է ՀԱՊԿ-ի մին­չեւ 2025 թուա­կան հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան ռազ­մա­կան փաս­տա­թուղ­թը, որ այս տա­րի ըն­դու­նուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Երեւանի ժողովներուն ընթացքին հաւանու­թեան արժանացած ՀԱՊԿ-ի միւս փաստաթուղ­թերուն։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2016