«2017 ՄՇԱԿՈՅԹՈՎ ԼԻ ՏԱՐԻ ՄԸ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ»
Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան յայտարարեց, որ 2017 թուականը պիտի ըլլայ մշակոյթով լեցուն տարի մը եւ սա այն մշակոյթն է, որ պիտի ջերմացնէ հոգիներն ու սրտերը։
Երէկ, անցեալ տարին ամփոփելու համար Արմէն Ամիրեան մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Երեւանի մէջ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Արմէն Ամիրեան ոլորտ առ ոլորտ ներկայացուց թէ՛ անցեալ տարի կատարուածները եւ թէ յառաջիկայ տարուան համար մշակուած ծրագրերը։ Այս ամբողջին մէջ ան նշեց, որ փոխուած են իրենց մօտեցումները պատմամշակութային յուշարձաններու պահպանման ոլորտի քաղաքականութեան մէջ։ Ամէն տարի շուրջ 250 միլիոն դրամ կը յատկացուի պատմամշակութային յուշարձաններու նորոգութեան, ամրակայման համար։ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունի ընդհանուր առմամբ 24 հազար պատմամշակութային յուշարձան։ Նկատի ունենալով, որ յիշեալ գումարը անբաւարար է բոլորը նոյնաժամանակ խնամելու համար՝ նախարարութիւնը որոշած է կեդրոնանալ քանի մը ուղղութիւններու վրայ։ «2017 թուականին համար մենք նախատեսած ենք ընդամէնը եօթ պատմամշակութային յուշարձան հասցնել լիակատար աւարտին», ըսաւ Արմէն Ամիրեան։
Յառաջիկայ տարի թանգարաններու պարագային ալ կը նախատեսուին նորութիւններ։ «Մենք պիտի ունենանք նոր տիպի թանգարաններ», ըսաւ Արմէն Ամիրեան եւ աւելցուց, որ պիտի ստեղծուին լսատեսողական համակարգեր, պիտի հաստատուի միասնական ելեկտրոնիկ տոմսերու նոր համակարգ մը, որու շնորհիւ աշխարհի որեւէ մէկ անկիւնէն կարելի պիտի ըլլայ տոմսեր ապահովել Հայաստանի թանգարաններուն, թատրոններուն եւ համերգասրահներուն համար։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ Արմէն Ամիրեան դիտել տուաւ, որ Հայաստան պիտի ունենայ նաեւ քանի մը նոր թանգարաններ՝ տիկնիկներու, գորգերու եւ լուսանկարչական բնագաւառներուն համար։ Սեւանի մէջ ալ պիտի հիմնուի սուզորդներու թանգարան մը, ուր պիտի ցուցադրուին խորհրդային տարիներէն մնացած ու զանազան վայրերու մէջ ի պահ դրուած ընկերային իրապաշտութեան ժամանակաշրջանի արձանները, որոնց մէկ մասը պիտի տեղադրուի լիճին յատակը։ Ուստի, հարկ պիտի ըլլայ յատուկ մասնագէտներու օգնութեամբ սուզուիլ զանոնք տեսնելու համար։
Գրականութեան ոլորտին անդրադառնալով՝ Արմէն Ամիրեան յայտնեց, որ նախարարութիւնը ցայսօր ժամանակակից գրողներուն կ՚աջակցէր՝ վճարելով իրենց գիրքերու հրատարակութեան փոխարժէքին կէսը։ «Այսօր մենք փոխած ենք խաղի կանոնները։ Հրատարակիչներուն կամ ժամանակակից գրողներուն կ՚առաջարկենք արդէն հրատարկուած գիրքը գնել իրենցմէ եւ ոչ թէ վաճառել շուկայի մէջ, ինչպէս նախապէս կ՚ընէինք, այլ պարզապէս բաժնել գրադարաններուն, դպրոցներուն, Սփիւռքի կառոյցներուն», ըսաւ Արմէն Ամիրեան եւ աւելցուց, թէ պիտի ստեղծուին նաեւ նոր տիպի գրադարաններ ու գրախանութներ։